Մալաթիոյ Թաշխորան Եկեղեցւոյ Վերակառուցման Համար Գումար Յատկացուած Է
Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Մալաթիա նահանգի հայկական Թաշխորան եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ վերակառուցման համար շրջանի պիւտճէէն գումար փոխանցուած է:
Նախապէս գումար յատկացուած էր եկեղեցւոյ տարածքը թաղապետարանէն գնելու համար, իսկ այժմ պիւտճէէն գումար յատկացուած է եկեղեցւոյ մէջ վերանորոգման եւ վերակառուցման աշխատանքներ կատարելու համար:
Մալաթիոյ շրջանային խորհուրդին որդեգրած որոշումին համաձայն, եկեղեցւոյ եւ այլ քարէ շինութիւններու վերանորոգման համար գումարը տրամադրուած է շրջանի Մշակութային արժէքներու պահպանութեան եւ վերակառուցման վարչութեան կողմէ:
Նշենք, որ գումարի չափին մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր:
CATEGORIES Հայկական


