Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Հենրիխ Մխիթարեան Շախտիորի Լաւագոյն Մարզիկը` Յաջորդաբար Երկրորդ Մրցումն Ըլլալով

Հենրիխ Մխիթարեան

Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Շախտիոր Տոնեցք իր դաշտէն դուրս կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հովերլա Ուզհորոտը:

Յաղթական կազմին եւ մրցումին առաջին կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան` 51-րդ վայրկեանին: Ապա 52-րդ եւ 90-րդ վայրկեաններուն անոր խմբակիցները նշանակեցին մնացեալ կոլերը:

Իր կատարած առաջին մրցումին նման անգամ մը եւս բացառիկ ներկայացում մը ունենալով, յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով Մխիթարեան ընտրուեցաւ Շախտիորի լաւագոյն մարզիկը:

Share this Article
CATEGORIES