Լոնտոն-2012. Դուին Մումջողլեան, Սելիմ Հաժ Նիքոլա Եւ Հասսան Մուհիէտտին Մեկնեցան Անգլիա

Երէկ` երեքշաբթի, 24 յուլիսին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Անգլիա մեկնեցան Դուին Մումջողլեան, Սելիժ Հաժ Նիքոլա եւ Հասսան Մուհիէտտին:

Ընդհանրապէս եւ մեծամասնութեամբ իւրաքանչիւր երկրի պատուիրակութիւն, որ կը մասնակցի Լոնտոն-2012-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն, ամբողջական կազմով կը մեկնի այս խաղերը հիւրընկալող երկիրը:

Սակայն այնպէս կը թուի, որ պարագան տարբեր պիտի ըլլայ Լիբանանի, որովհետեւ պատուիրակութեան անդամները մաս առ մաս պիտի մեկնին Լոնտոն եւ ոչ թէ ամբողջական կազմով:

Ինչպէս ծանօթ է, Դուին Մումջողլեան կը մասնակցի փինկ փոնկի մրցումներուն, Սելիմ Հաժ Նիքոլա անդամ է Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին նախագահը, իսկ Հասսան Մուհիէտտին պիտի ըլլայ լիբանանցի այն միակ լրագրողը, որ լիբանանեան մամուլին Լոնտոնէն պիտի փոխանցէ անհրաժեշտ բոլոր տեղեկութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES