50 Տարի Առաջ ( 26 Յուլիս 1962 )

Տոմսեր

Հասունութեան Հարցեր…

Խորհրդային վարչապետը` Խրուշչեւ, Ռումանիոյ մէջ յայտարարած է, թէ երբ «խնդիրը հասուննայ», Գերմանիոյ հետ խաղաղութեան առանձին դաշինք պիտի կնքէ…

Չէ ըսած սակայն, թէ ինք ի՛նչ կ՛ընէ «հասունցնելու» համար այդ հարցը, որուն գլխաւոր պատասխանատուն է:

Վերջին տարիներուն, Արեւելեան Պերլինի մէջ կարմիր «շինարար»ներու ձեռքով պատ մը բարձրացաւ քաղաքին բնակչութիւնը իրարմէ բաժնելով: Այս պատն ալ պէտք է հասուննա՞յ քանդուելու համար…

Իսկ պատին ետեւ, ու պատին փակցուած, գերման ժողովուրդը, տակաւին ինը տարի առաջ, 1953-ին, հաստատեց, թէ հարցը հասունցած է եւ ըմբոստացաւ` ազատութեան ի խնդիր:

Խրուշչեւի ընկերները հրասայլեր ղրկեցին` ամէնէն հասկնալի՞ լեզուով բացատրելով, թէ ժողովուրդի մը ազատութեան համար ժողովրդական կամքը անիմաստ խօ՜սք մըն է: Իմաստալից են թանքը, թնդանօթը, եւ, ի պահանջել… բռնութեան, հիւլէական ռումբը:

Այս էր ու այս կը մնայ տակաւին ժողովրդական կամքի արտայայտի՜չ խորհրդային իշխանութեանց գործածած երկաթէ լեզուն` ժողովուրդներու ազատութեան հարցին մէջ:

Այժմ գերմանացիք կը փախչին` փորելով պատերուն տակ: «Խրուշչեւ շուտով հարկադրուած պիտի ըլլայ պատ մըն ալ բարձրացնել… գետնին տակ ու պատ մըն ալ` երկինքին դէմ:

Տակաւին շա՜տ բաներ կրնայ բարձրացնել գերմանական հարցը «հասունցնելու» համար:

Կրնայ բարձրացնե՜լ անօթի արեւելեան գերմանացիները, եւ ցոյց տալով զանոնք աշխարհին` փաստել, թէ ի՜նչ կը նշանակէ տիպար խորհրդային մարդ դառնալ:

Կրնայ բարձրացնե՜լ Հայաստանի պատկերը, գերմանացիներու աչքին, եւ պատմե՜լ, թէ ինչպէ՜ս քառասուն տարիէ ի վեր հայ ժողովուրդը կը սպասէ… Իսկ մինչ այդ շատ մը հայեր արդէն համոզուա՜ծ են, որ ա՛յս է ազատութիւն ըսուածը` սովետական բռնութիւնը, եւ թէ` հայ ժողովուրդը երբեք աւելի ազատ եղած չէ, որքան է այսօր…

Խրուշչեւ կրնայ հպարտութեա՜մբ շեշտել, թէ այդ է հայրենասիրութիւնը, եւ գերմանացիները պէտք է օրինակ  առնեն…

Վերջապէս, կրնայ ըսել, թէ Գերմանիա պէտք է հայ ժողովուրդին նայի եւ իր հարցին լուծման մասին գուշակութիւններ ընէ… Որովհետեւ հայ ժողովուրդն ալ, տարիներ առաջ, Գերմանիոյ կը նայէր նոյն գուշակութեան յափշտակութեան մէջ…

Ի՞նչ արած, որ դերերը փոխուեցան, թէեւ ոչ` դժբախտութիւնը…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Այլազան

Ամերիկա Վաւերացուց Լուսին Երթալու Ծախքը,
Որ
20 Միլիառ Տոլար Պիտի Արժէ

 

Ամերիկեան թերթեր եւ հեռագրական գործակալութիւններ կու տան ամերիկեան կառավարութեան անջրպետի ձեռնարկներու համար յատկացուցած աստղաբաշխական գումարներու մանրամասնութիւնները:

Ծերակոյտի եւ ներկայացուցչական Տան պատկան յանձնախումբը վաւերացուց 3.744.115.250 տոլարի պիւտճէ մը` անջրպետի մէջ քաղաքային ձեռնարկներու համար: Այս գումարը 43 միլիոն միայն նուազ է` կառավարութեան առաջարկած գումարէն:

Յիշեալ գումարէն 1.3 միլիառը ուղղակի պիտի տրուի` մարդատար անջրպետի նաւերու համար, նաեւ առաջնակարգ ծրագիրի մը, լուսնի վրայ արշաւախումբ մը հաստատելու մասին: Վերջին հաշիւներու համաձայն, լուսին երթալու ծրագիրը, որ Ապողոն Ծրագիր կը կոչուի, մի քսան միլիառ տոլար պիտի արժէ` յառաջիկայ ութը տարիներուն:

Ներկայացուցչական Տունը վաւերացուց նաեւ 4.672.000.000 տոլարի գումար մը` արտաքին օգնութեանց համար: Այս գումարն ալ 206.5 միլիոն պակաս է` կառավարութեան առաջարկէն:

Հանրապետական ծերակուտական Պապ Քէզի (Թէքսըս) գանգատեցաւ այս առիթով, թէ վաւերացուած ծրագիրը չէր բովանդակեր կրճատումը` համայնավար երկիրներու ըլլալիք օգնութեանց: Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցչական Տան խորհրդակցութիւն մը, այդ երկիրներու օգնութեան հարցը նախագահ Քենետիի դատողութեան ձգեց:

 

Անգլուհիները Եւ Ներկը…

Հաշիւ եղած է, որ Անգլիոյ մէջ հինգուկէս միլիոն անգլուհիներ կը ներկեն իրենց մազերը` տարեկան աւելի քան 30 միլիոն անգլիական ոսկի ծախսելով այս նպատակին համար: Ասկէ զատ, իրենց մազերուն գոյնը փոխել եւ սանտրել տալու համար տարեկան կը ծախսեն ութսուն միլիոն ոսկի: Ութը միլիոն ալ կը ծախսեն զանազան «լաք»եր գնելու համար:

Անգլիոյ մէջ, տարեկան վեց հարիւր նոր վարսայարդարատուներ կը բացուին:

Share this Article
CATEGORIES