Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Նախակրթարանի Եւ Երկրորդական Բաժիններու 90-ամեակի Հունձքը
Ուրբաթ, 6 յուլիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Պէյթ էլ թապիպ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի նախակրթարանի եւ երկրորդական բաժիններու շրջանաւարտից հանդիսութիւնը:
Հանդիսութիւնը սկսաւ ուսուցիչներու եւ շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքով, որուն յաջորդեց Լիբանանի եւ Հայաստանի օրհներգներու յոտնկայս ունկնդրութիւնը: Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն Վարդուհի Պալըգճեանի Աստուածաշունչի ընթերցումէն եւ աղօթքէն ետք վարժարանին երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Շողիկ Թորոսեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, մեկնաբանեց «Իմ ուսուցիչ» եւ «Ջան Հայաստան» երգերը: Վեցերորդ դասարանի շրջանաւարտ Արամ Ադամեան առոյգ կենսունակութեամբ ու ինքնատիպ առոգանութեամբ ասմունքեց Ժաք Ս. Յակոբեանի «Հայերէն գիրք» բանաստեղծութիւնը` ներկաներուն փոխանցելով հայերէն գիրքի անմահ արժէքին խորհուրդը: Մթնոլորտը խանդավառուեցաւ, երբ հինգերորդ դասարանի պարախումբը ներկայացուց ազգային խորք ունեցող հայկական պար մը, որ կը խորհրդանշէր հայ ժողովուրդի ազատասիրութիւնն ու անկաշկանդ ապրելու տենչը:
Ուղերձներով ելոյթ ունեցան Զարեհ Քրտեան եւ Լոռի Եագուպեան (12-րդ դասարան) եւ Ռիթա Մելեքեան (6-րդ դասարան), որոնք վերյիշելով իրենց մանկութեան օրերը` իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան, ինչպէս նաեւ` իրենց ծնողներուն, որոնց ջանքերով ու քաջալերանքով իրենք զինուեցան Մեսրոպեան վահանով եւ Վարդանանց նահատակներու հաւատքով, գօտեպնդուեցան գեղեցիկին ու վսեմին ձգտելու հաստատ կամքով ու բարձունքներ նուաճելու հզօր վճռակամութեամբ: Անոնք խոստացան չընկրկիլ խոչընդոտներու առջեւ եւ հաստատ մնալ իրենց սկզբունքներուն վրայ, իսկ իրենց սիրելի վարժարանին մաղթեցին յաղթական երթ` նուաճելու համար նորանոր փառապանծ ամեակներ:
Վեցերորդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ հայրենասիրական ապրումներով ասմունքեցին Վահան Թէքէեանի «Տաղ հայերէն լեզուի» բանաստեղծութիւնը: Այս անգամ բեմը գունազարդուեցաւ 12-րդ դասարանի շրջանաւարտ նազանի աղջիկներուն հեզաճկուն պարով, որ արժանացաւ ներկաներուն բուռն ծափողջոյններուն:
Խմբային ասմունքով բեմ բարձրացան 6-րդ դասարանէն խումբ մը շրջանաւարտներ, որոնք վերապրելով իրենց մանկութիւնը` ներկայացուցին Ժաք Ս. Յակոբեանի բանաստեղծութիւններէն քաղուած փունջ մը:
Օրուան բանախօսն էր Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Ան հակիրճ ձեւով ներկայացուց 90-ամեայ կրթօճախին պատմականը, որմէ ետք հաստատեց, որ այս վարժարանին շքեղ երթն ու նուաճումները արդիւնք են անոր ծառայած բոլոր հաւատարիմ մշակներուն, որոնց առաքելութեան ցանած հունտերը ծլարձակելով` կը շարունակեն իրենց բարգաւաճումը:
Վահանի փոխանցման համար բեմ բարձրացան 12-րդ դասարանէն Մեղրի Պապիկեան, իսկ 6-րդ դասարանէն` Գարին Մելեքեան: Բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ վարժարանի նախկին շրջանաւարտներէն զօրավար Յարութ Կէօքէօզեան, որ հաստատեց, որ ինք եւ ներկայ շրջանաւարտները թէեւ կը ներկայացնեն տարբեր սերունդներ, սակայն իրենք կը միաձուլուին վարժարանը խորհրդանշող վահանին սկզբունքներով: Ան, որպէս մնայուն վահանակիրը այս վարժարանին, իր ուխտը վերանորոգելով վահանը փոխանցեց 12-րդ դասարանի ներկայացուցիչին, որ խոստացաւ նոյն կենսունակութեամբ ու վճռակամութեամբ քալել իր ճամբան ու իր կարգին վահանը փոխանցեց կրտսեր սերունդի` 6-րդ դասարանի ներկայացուցիչին, որ խոստացաւ զինուիլ տիպար քաղաքացիի ու տիպար հայ քրիստոնեայի յատկանիշներով ու ու միշտ բարձր պահելով Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի անունը:
Հասած էին ամէնէն սպասուած վայրկեանները: Կարգով բեմ բարձրացան նախ 6-րդ, ապա 12-րդ դասարաններու շրջանաւարտները եւ ստացան իրենց վկայականները: 6-րդ դասարանի վկայական ստացան` Արամ Ադամեան, Ինկրիտ Ապտոյեան, Ճորճ Ասարեան, Կարօ Գալենտերեան, Սագօ Գասպարեան, Մարկրիթա Գոճամանեան, Սէրլի Մարգարեան, Գարին Մելեքեան, Ռիթա Մելեքեան, Մէյպըլ Մելքոնեան, Նարէ Մկրտիչեան, Մարիան Յովակիմեան, Կարէն Յովսէփեան, Էլիսաս Շիտիաք, Ռիթա Պագգալեան, Արմէն Պեքերեճեան, Վանայ Ռըզեան, Գարեն Սողոմոնեան, Սոլանժ Սուլահեան, Մելքոն Տեքերմենճեան:
12-րդ դասարանի կենսագիտութեան բաժինէն վկայական ստացան` Նազելի Աճեմեան, Մարգրիտ Գուճանեան, Մայա Մերտինեան, Սեւան Շահինեան, Լարա Շաննագեան, Նուարդ Ստեփանեան, Զարեհ Քրտեան, իսկ տնտեսագիտութեան բաժինէն` Գարոլին Աւետիքեան, Արա Դանիէլեան, Լոռի Եագուպեան, Խաժակ Ժամկոչեան, Նժդեհ Լափաճեան, Լիզա Կիւմիւշեան, Եղիկ Յովակիմեան, Մեղրի Պապիկեան եւ Իզապել Սուլահեան:
Վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատու կազմակերպութիւններուն ու բարերարներուն` իրենց նիւթական թէ բարոյական աջակցութեանց համար, որմէ ետք առաջնակարգ աշակերտներ արժանացան նիւթական պարգեւներու: Կենսագիտութեան բաժինէն բարձրագոյն միջինի եւ վերջին երեք տարիներու Ս. Գիրքի բարձրագոյն միջինի մրցանակները ստացաւ Զարեհ Քրտեան, իսկ տնտեսագիտութեան բաժինէն` Լոռի Եագուպեան ստացաւ բարձրագոյն միջինի եւ վերջին երեք տարիներու հայերէնի բարձրագոյն միջինի զոյգ մրցանակները: Վերջին երեք տարիներու արաբերէնի բարձրագոյն միջինի մրցանակը ստացաւ Նազելի Աճեմեան, իսկ 12-րդ դասարանի վարքի մրցանակը ստացաւ Սեւան Շահինեան: Վեցերորդ դասարանի բարձրագոյն միջինի մրցանակը ստացաւ Ռիթա Մելեքեան, իսկ վարքի մրցանակը` Ռիթա Պագգալեան:
Տնօրէնը իր «Հուսկ բանք»-ին մէջ ողջունելէ ետք ներկաները, նշեց, որ` «ընթացիկ տարեշրջանի շրջանաւարտները հունձքն ու ժառանգորդներն են 90-ամեայ յոբելեան նշող կրթօճախի մը, որ բարգաւաճելով ու սերունդէ սերունդ անցնելով` այսօր հասած է մեզի»: Ան աւելցուց. «Մեզի ձգուած կտակը իր մէջ կը պարփակէ հոգեւոր սկզբունքներ, առաքինի արժէքներ ու բարձրորակ ուսում: Միայն արիւնաշատ գործունէութեամբ ու խանդավառ ծառայութեամբ կարելի կը դառնայ մշտավառ պահել Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի սկզբունքներու, հաւատքի ու գիտութեան ջահը»: Տնօրէնը յորդորեց շրջանաւատները, որ ապրին ու գործեն իրենց վարժարանին սկզբունքներուն վայել, թելադրեց, որ գնահատեն աշխատանքը հաճոյքէն աւելի, խաղաղութեան մէջ պահեն իրենց յարաբերութիւնները, իմաստութիւնը գնահատեն ուսումէն աւելի, սիրեն իրենց ազգն ու հայրենիքը եւ պաշտեն զԱստուած իրենց բոլոր մտքովը, սրտովն ու զօրութեամբ:
Վկայականաց բաշխման պանդիսութիւնը աւարտեցաւ եկեղեցւոյս հովիւ վեր. Ս. Քիլաղպեանի օրհնութեան աղօթքով:

