ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ԱՐԱՅԻԿ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԷՆ «ԳՈՂՑԱՆ» ՈՍԿԻ ՄԵՏԱԼԸ

Երէկ, Քազանի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստան տիրացաւ իր երկրորդ արծաթ մետալին:

77 քկ դասակարգի մրցումներուն Եւրոպայի փոխախոյեան հանդիսացաւ Արայիկ Միրզոյեան, որ շատ մօտ էր տիրանալու ոսկի մետալին: Սակայն կողմնակալ իրաւարարութեան պատճառով ան զրկուեցաւ ախոյեանի կոչումէն:

Իրաւարարները աչք խփեցին թուրք ծանրաբարձ Սեմիհ Եաքշինի, որ օրէնքի խախտում կատարեց, երբ ծանրաձողը գլխուն վրայ պահելու միջոցին ծալլեց իր ծունկերը.

Նշենք, որ անոնք երկուքն ալ բարձրացուցին 347-ական քկ, սակայն թուրքը 250 կրամ աւելի նուազ կը կշռէր Միրզոյեանէն:

Պրոնզէ մետալին տիրացաւ Ալեքսանտր Ռոսու (Ռումանիա):

Share this Article
CATEGORIES