Նոր Հայու (Չ)Կրկնուող Անհանգստութիւն

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Յուլիս 24, Երկուշաբթի…

Այս առաւօտ կրկին ասդին-անդին գացի համացանցի ալիքներուն վրայ: Ինչե՜ր կ’ըսուէին: Կա՛մ ես չհանդիպեցայ, կա՛մ պարզապէս մոռացման պէս լռութիւն կար ութսունինը տարի առաջ ստորագրուած նենգ դաշնագրի մը յիշեցման գծով:

24 յուլիսի մը, ինչպէս սովորութիւն է ըսել, «յաղթական դաշնակիցները» Յուդայի ոչ իսկ երեսուն արծաթին ծախեցին հայերը, անոնց իրաւունքը եւ հայրենիքը:

Այդ «յաղթական դաշնակիցնե՞րը»… Այսօրուան Միացեալ Նահանգները, Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան, նաեւ` Իտալիան, Ճափոնը…

Դաշնագի՞րը… Լոզանի դաշնագիրը:

Իսկ մենք կը շարունակենք դարպասել անցեալի այդ «յաղթական դաշնակիցները»` փշրանքներու համար, զորս կը կոչենք Ցեղասպանութեան ճանաչում, եւ այդ ոճիրի ուրացման քրէականացում:

Ի՞նչ բանի պիտի ծառայեն այդ փշրանքները:

Ամէն տարի, երբ թէժ ամառը կը նստի քաղաքներու վրայ, եւ հայերն ալ, սպառողական աշխարհի բոլոր կուշտերուն պէս կը բռնուին արձակուրդային տենդէ, օրացոյցը սովորական դարձած յիշեցումներ կ’ընէ, անոնց որոնք արձակուրդային գինովութեան մէջ չեն խեղդուած:

Այս առաւօտ, երբ դեռ քաղաքը կը քնանար, համակարգիչիս առջեւ նստած հայերէն տառերու տողանցքով պիտի շնչէի, յուլիսի վերջին օրերը յիշեցուցին նաեւ օգոստոսը, որ կը հասնէր, երբ հակառակ երեւութական իրարանցումին` քիչ մը աւելի պիտի շեշտուէր իւրաքանչիւրի առանձնութիւնը, քանի որ մարդիկ պիտի մեկնէին ասդին անդին, ուրիշներու պէս, ուրիշներէ ետ չմնալու համար: Կ’ըսեն` հանգստանալու:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր յուլիսը եւ իր օգոստոսը: Լիբանանի հայուն կեանքի կշռոյթը, այդ ամիսներուն, երկու շարժում ունի. Միջերկրականի կապոյտը եւ անկէ քիչ անդին գտնուող դեռ ամբողջովին կրաղիւսի չվերածուած գեղածիծաղ լեռներու հրաւէրը: Եւրոպայի հայը, ո՛ւր որ ալ գտնուի, կ’անսայ Միջերկրականի կանչին Նիս, Մոնաքօ, Պալէար կամ Մարպէա: Հրաշք աշխարհներ: Այդ օրերուն մարդիկ օրացոյցին կը նային գիտնալու համար, թէ երջանկութեան աւարտին հասնելու համար քանի օր մնացած է, կամ հեռատեսիլ կը դիտեն իմանալու համար, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ ջերմաստիճանը:

Հազիւ տեղաւորուած արձակուրդային երջանկութեան մէջ` օրերը կը յաջորդեն իրարու, յուլիսի եւ օգոստոսի 62 օրերը: Մէկը միւսին նման:

Այսօր, 24 յուլիսին, կամ երկու շաբաթ ետք, 10 օգոստոսին, Նիսի գեղեցիկ պողոտային վրայ կանգ առէք, եւ հոն քալող հազարաւոր հայերուն հարցուցէ՛ք, թէ ի՞նչ օր է: Դժուար թէ ճիշդ թուական մը ըսեն: Իսկ թէ ի՞նչ կայ 24 յուլիսի կամ 10 օգոստոսի ետին, հրաշքի համազօր պիտի ըլլայ եթէ գտնէք քանի մը հոգի, որոնք յիշեն եւ յիշեցնեն… Ի՞նչ բան յիշեցնեն: Երբ յուլօրէն պառկած էք Լիբանանի ծովափի տաք աւազին վրայ, ձեզ բարեւող բարեկամներու նոյն հարցումներով դիմեցէ՛ք: Դժուար  թէ ճիշդ թուական մը ըսեն: Իսկ թէ ի՞նչ կայ 24 յուլիսի կամ 10 օգոստոսի ետին, հրաշքի համազօր պիտի ըլլայ, եթէ գտնէք քանի մը անձեր, որոնք յիշեն եւ յիշեցնեն… Ի՞նչ բան յիշեցնեն: Նոյն փորձը ըրէք գիւղ տանող ճանապարհին գտնուող ծաղարաններուն մէկուն առջեւ խռնուողներուն հետ…

Արդէն յուլիսը կ’աւարտի եւ օգոստոսը պիտի անցնի: Եւ երբ անցած է` արդէն անցած է, հետը տանելով յիշատակը դաշնագրի մը, որ կը կոչուի Սեւրի դաշնագիր:

10 Օգոստոսին պիտի գտնուի՞ շուարած հայ մը, որ փունջ մը ծաղիկ տանի այդ դաշնագիրը ստորագրողի շիրիմին: Պիտի գտնուի՞ եկեղեցական մը, որ առանց հրաւիրուած ըլլալու երթայ Փարիզի Փեր Շեզի գերեզմանատունը խունկ ծխելու այն մարդու հոգիին` որ ստորագրած էր Հայաստանի միջազգային ճանաչման փաստաթուղթը:

Օգոստոսին Աւստրալիա ամառ չէ: Հոն արձակուրդային տենդ չկայ: Գէթ այնտեղի հայերը կը յիշե՞ն 24 Յուլիսը եւ 10 Օգոստոսը… եւ կը յիշեցնե՞ն: Մանրուքներու համար հանրահաւաքներ կը կազմակերպուին…

Երբեմն կը մտածեմ այն մասին, որ այնքա՜ն յամառութեամբ եւ աղմուկով յիշուող եւ յիշեցուող 24 Ապրի՞լն է աւելի նշանակալից` ազգի լինելութեան տեսանկիւնէն, թէ՞ մեր ժողովուրդի իրաւունքը ճանչցած Սեւրը եւ այդ իրաւունքը նուազուրդով ծախած Լոզանը:

Ի հարկէ այս յիշեցումները հակոտնեայ են հայրենասիրական կոչուած զբօսաշրջային իրարանցումներուն:

Իսկ գիտե՞նք, որ ազգը միայն «բիզնես» չէ, եւ կը մեռնի, երբ կը կորսնցնէ իր յիշողութիւնը, կը վարակուի «ալցհայմըր»-ով, դեռ ժամանակ մըն ալ զուարճանալով ակնթարթ տեւող հրավառութիւններով:

Կը յիշեմ հայու մը «հպարտութիւն»-ը, երբ ըսաւ, որ Հայաստան «նախարարի պէս ընդունուեցանք»…

Ինչո՞ւ շարունակել այս սրտմաշուքը` փոխանակ երջանկանալու աթոռ-աթոռակային երթեւեկներով:

Կիները շպարուելու համար հայելիին մէջ իրենք զիրենք կը դիտեն, իսկ մենք ո՞ւր պիտի նայինք մեր ազգի եւ պատմութեան իրաւութեամբ հաղորդուելու համար:

«Իմաստուններ» պիտի ըսեն, որ այս խօսքերը տաղտկալի են, կամ` եթէ Բաբելոնի աշտարակէն ժառանգուած այլ լեզուներով ըսուին, թերեւս կը լսուին…

Այսօր 24 յուլիս է: Երկու շաբաթ ետք` 10 օգոստոս:

Կը պատահի՞, որ երբեմն յիշէք Սիզիփոսի առասպելը… Եթէ չէք յիշեր, դիմեցէ՛ք ամենագէտ համացանցին:

 

24 Յուլիս 2012, Նուազի-լը-Կրան

Share this Article
CATEGORIES