Նեթանիահու Անգարայի Կ՛առաջարկէ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնել, Անգարա Կը Մերժէ
Իսրայէլի կառավարութիւնը տարածեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, որ շրջանին մէջ աճող անկայունութիւնը Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի յարաբերութիւններու բարելաւում կը պահանջէ:
Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Նեթանիահու ըսած է, թէ «Թուրքիան ու Իսրայէլը շրջանի հզօր եւ կայուն երկու պետութիւններն են: Մենք պէտք է վերստին գտնենք նախապէս մեր ունեցած յարաբերութիւններու մակարդակը: Ատիկա յատկապէս կարեւոր է ներկայիս` շրջանի ընդհանուր իրավիճակի կայունացման համար»:
Յիշեցնենք, որ Թել Աւիւի եւ Անգարայի յարաբերութիւնները կտրուկ անկում կրեցին մայիս 2010-ին, թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակիրճ հաղորդագրութեան մը մէջ մերժեց Նեթանիահուի առաջարկը` նշելով, որ «յարաբերութեանց բնականոնացման հրաւէրի հարցով թրքական կեցուածքը չէ փոխուած», այլ խօսքով` Անգարա կառչած կը մնայ «Մարմարա»-ի միջադէպին հարցով իսրայէլեան ներումի հայցի իր պահանջին վրայ:


