Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Գերեզմանոց Մը Աւերուած Է, Իսկ Մահացածներու Կմախքները Ցաք Ու Ցրիւ Ըրած Են

Թուրքիոյ մէջ հայկական գերեզմաններու նկատմամբ հերթական բարբարոսութիւնը տեղի ունեցած է:

Թրքական «Այքիրիտողրուլար» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Սղերթ նահանգի Էրուհի շրջանին մէջ նոր ճամբայ կառուցելու համար քանդուած է հայկական գերեզմանոցը:

Քրտաբնակ Խերթ գիւղի սահմաններուն մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին նախապէս արդէն աւերուած էր, իսկ շարունակութիւնը այն եղաւ, որ թրքական իշխանութիւնները եկեղեցին վերանորոգելու փոխարէն սկսան քանդել եկեղեցւոյ մօտ գտնուող հայկական գերեզմանոցը:

Թէեւ մարդկային կմախքները ցաք ու ցրիւ եղած են, սակայն պատասխանատուները կը շարունակեն հայերու ոսկորներուն վրայ ճամբայ կառուցել:

Թուրքիոյ մէջ յայտնի են բազմաթիւ դէպքեր, երբ հայկական գերեզմանները քանդուած են` անոնց տեղ կառուցելով դպրոց, մանկապարտէզ, հիւանդանոց, մարզադաշտ եւ ինքնաշարժի ճամբայ:

Share this Article
CATEGORIES