«ՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆԻ ԱՄԻՍ». ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹԻ «ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ» ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԻ ԱՌԱՋԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Թատերական ներկայացումէն պահ մը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գ. Իփեկեան» թատերախումբին, «Հայ թատրոնի ամսուան» նախաձեռնութիւններուն շրջագիծին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 14 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն Շանթի «Ճամբուն վրայ» թատերախաղին առաջին ներկայացումը` բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանին:

Թատերախաղին մէջ Վահրամը (Վարդան Մկրտիչեան) երկու սէրերու` ճամբաներու միջեւ պայքարի մէջ է. մէկը` հայրենիքն է, իսկ միւսը` Մարին (Յաւերժ Շխրտըմեան): Մարին շարունակ կը փորձէ համոզել Վահրամը, որ իր սիրոյ նկատմամբ պարտական է, մինչ Վահրամի մտքին մէջ Երկիր վերադարձն ու իր ընկերներուն միանալու գաղափարը երբեք չի հեռանար: Այս կացութեան մէջ Մարին կ’ապրի հոգեկան վերիվայրումներ, ինչ որ դժգոհութիւն կը պատճառէ իր եղբօր` Հարենցին (Ժան Պէքերէճեան) եւ անոր կնկան` Նեկտարին (Ցոլեր Շխրտըմեան), որոնք կ’ուզեն բոլոր տեսակի հոգերէն անդին ապրիլ ու վայելել կեանքը:

Քանդակագործ Երուանդի (Հրակ Տեմիրճեան) աշխատատեղիին մէջ զոյգը կ’ունենան բաժանման վերջին հանդիպումը, երբ Վահրամ կը փորձէ վերադարձի յոյսեր ներշնչել Մարիին: Վահրամին Երկիր վերադարձը պատճառ կը դառնայ, որ Մարի անձնասպան ըլլայ, երբ անդին Վահրամով հայութիւնը իր ազատագրական պայքարը կը շարունակէ…

Թատերախաղին մէջ նաեւ դերեր վերցուցած են Յովհաննէս Հելվաճեան (Մարգար), ՐաՖՖի Չիլինկիրեան (Դաւիթ) եւ Արաքսիա Կուրղիկեան (Մարիամ): Ներկայացման մէջ հիւրաբար նաեւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Գոհար Պէրպէրեան-Առաքելեան, Թամի Հատիտեան, Լիզա Կիւլիւմեան եւ Փաթիլ Հատիտեան:

Համազգային պետական թատրոնի Լիբանանի մէջ ունեցած բարձրորակ ներկայացումներէն ետք, «Գ. Իփեկեան» թատերախումբը լիբանանահայ ուժերով հանրութեան ներկայացուց ազգային գադափարախօսութիւն պատգամող թատերախաղ մը, որ էապէս արժանի է գնահատանքի:

«Գ. Իփեկեան»ի «Ճամբուն վրայ» թատերախաղին ներկայացումները «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կը շարունակուին 14, 15, 16, 17 եւ 24 ապրիլ 2011-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES