Վարչապետ Միքաթի Կը Մերժէ Կառավարութեան Դէմ Ուղղուող Սպառնալիքները
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր անհատական էջին վրայ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ զգայուն հանգրուանին անկարելի է, որ ընդունինք ընկերային եւ ելեւմտական կայունութեան դէմ ուղղուող սպառնալիքները:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ անտրամաբանական է կառավարութեան դիմաց զետեղել տարիներ շարունակ դիզուած գումարները` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը չի կրնար բոլոր հարցերուն լուծումներ գտնել առանց սերտելու, թէ այդ որոշումները ի՛նչ հետեւանքներ կրնան ունենալ:
Նշենք, որ երէկ կէսօրէ ետք վարչապետ Միքաթի մեկնեցաւ Լոնտոն, ուր այսօր ներկայ պիտի գտնուի ողիմպիական խաղերու բացման պաշտօնական հանդիսութեան:
Կը նախատեսուի, որ Միքաթի վաղը երեկոյեան վերադառնայ Պէյրութ:
CATEGORIES Լիբանանեան

