Ողիմպիական Խաղերը Սկսան

Ողիմպիական խաղերը կազմակերպչական մեծ կարողութեան կը կարօտին: Որպէսզի ամէն ինչ լաւ ընթանայ, տարբեր կառոյցներ պէտք է նախատեսուին իւրաքանչիւր մարզաձեւի համար. խաղադաշտեր, վազքուղիներ, լողարաններ… Պէտք են նաեւ շինութիւններ` ընդունելու համար մարզիկները, ժողովուրդին համար փոխադրութեան միջոցներ, ճաշարաններ, պանդոկներ, լուացարաններ…

Չմոռնանք նաեւ, որ այս խաղերը աշխարհի ամէնէն շատ պատկերասփռուած յայտագիրներն են, եւ ամբողջ Երկիր մոլորակին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է այդ խաղերը կազմակերպող քաղաքին վրայ:

Այս տարի Լոնտոն կ՛ընդունի արդի 30-րդ Ողիմպիական խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան 27 յուլիսէն 12 օգոստոս:

Առաջին արդի Ողիմպիական խաղերը տեղի ունեցած են Աթէնքի մէջ, Յունաստան, 1896 թուականին, մինչ անդամալոյծներու յատուկ առաջին ողիմպիականները առաջին անգամ կազմակերպուած են Հռոմի մէջ, Իտալիա, 1960 թուականին: Այս ամառնային խաղերը տեղի կ՛ունենան ամէն չորս տարին անգամ մը, եւ միշտ աւելի մեծ թիւով մարզիկներ կը մասնակցին անոնց:

Ողիմպիական Խաղերուն Թիւերը

Աթէնք, 1896

– 241 մարզիկ
– 9 մարզաձեւ
– 43 տարբեր մրցումներ
– 14 մասնակցող երկիրներ

Լոնտոն, 2012

– 10,490 մարզիկ
– 26 մարզաձեւ
– 302 տարբեր մրցումներ
– 205 մասնակցող երկիրներ

Անդամալոյծներու Յատուկ Ողիմպիական Խաղեր

Հռոմ, 1960

– 400 մարզիկ
– 8 մարզաձեւ
– 57 տարբեր մրցումներ
– 23 մասնակցող երկիրներ

Լոնտոն, 2012

– 4200 մարզիկ
– 21 մարզաձեւ
– 503 տարբեր մրցումներ
– 165 մասնակցող երկիրներ

Պատկերասփիւռէն հետեւողներ

– Պերլին, 1936, 162 հազար
– Լոնտոն, 1948, 500 հազար
– Թոքիօ, 1964, 800 միլիոն
– Աթլանթա, 1996, 3 միլիառ 500 միլիոն
– Լոնտոն, 2012, 4 միլիառ

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Մայքըլ Ֆելպսի կը պատկանի ամէնէն շատ ոսկի մետալներ (14) շահած ողիմպիական մարզիկի մրցանիշը:

– Կիները միշտ չեն մասնակցած Ողիմպիական խաղերուն: 1896-ի Աթէնքի առաջին խաղերուն ոչ մէկ կին մասնակցած էր: 1900-ի Փարիզի խաղերուն անոնք 22 հոգի էին: Մինչ 2012 Լոնտոնի խաղերուն, միայն մէկ երկիր զինք ներկայացնող կին մարզիկներ չունի, Սէուտական Արաբիա:

– Լոնտոն արդէն երկու անգամ կազմակերպած է Ողիմպիական խաղեր, 1908 եւ 1948 թուականներուն: 1908-ի խաղերը սկզբունքով տեղի պիտի ունենային Հռոմի մէջ, սակայն Զեզուվա հրաբուխին ժայթքումը ստիպած է փոխել խաղերուն վայրը:

– Իրենց պատմութեան ընթացքին, արդի Ողիմպիական խաղերը ջնջուած են 1916, 1940 եւ 1944 թուականներուն համաշխարհային պատերազմներուն պատճառով:

– Լոնտոնի մէջ Պիկ Պենի ժամացոյցը աւելի քան 40 անգամ պիտի հնչէ Ողիմպիական խաղերուն առաջին օրը, առտուան ժամը 8:12 անց, երեք վայրկեան, իր սովորական ժամերէն դուրս, նշելու համար այս պատմական օրը:

– Նոյն առիթով երկրին բոլոր եկեղեցիները նաեւ պիտի հնչեցնեն իրենց զանգակները: Կազմակերպիչ խմբակը մտադրած է մրցանիշներու գիրքին մէջ մտնել` ժողովուրդէն խնդրելով նոյն վայրկեաններուն հնչեցնել տարբեր տեսակի զանգակներ, եկեղեցի, քաղաքապետարան, հեծիկի զանգակ, դուռի զանգակ…

 

Լոնտոն 2012-Ի Ողիմպիական Խաղերու
Կերպարները

Ահաւասիկ` Ուէնլոքը եւ Մանտըվիլը: Անոնք մեզի պիտի ընկերանան 27 յուլիսէն 12 օգոստոս, Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին:

Ուէնլոք

– Ուէնլոքին անունը եկած է Մաչ Ուէնլոք քաղաքէն, Անգլիա, ուր Ուէնլոք Օլիմփիըն սոսայիթին կազմակերպած է առաջին արդի Ողիմպիական խաղեր, 1850 թուականին, որոնք կը համարուին ներկայ Ողիմպիական խաղերուն ընթացները:

– Անոր գլխու լոյսը ներշնչուած է Լոնտոնի սեւ թաքսիներուն լոյսերէն:
– Անոր դէմքին ձեւը հիմնուած է Ողիմպիական դաշտին ձեւին վրայ:
– Անոր միակ աչքը նկարահանումի ոսպնեակն է, որ շուրջը ամէն ինչ կը տեսնէ:
– Իսկ անոր ձեռքին մենք կը տեսնենք բարեկամութեան ապարանջաններ, Ողիմպիական օղակներուն գոյներով:

Մանտըվիլ

– Մանտըվիլին անունը եկած է Անգլիոյ Այլսպըրի շրջանին մէջ գտնուող` Սթոք Մանտըվիլ հիւանդանոցէն: 1948 թուականէն սկսեալ այս հիւանդանոցը կազմակերպած է Սթոք Մանտըվիլի խաղերը, որոնց կը մասնակցէին աշխարհի չորս կողմերէն եկած անդամալոյծ անձեր: Այս խաղերէն յառաջացած են անդամալոյծներու յատուկ Ողիմպիական խաղերը:

 

Տարբեր Ողիմպիականներ

Ականջ քաշել, փոկի ոստում… Այս Ողիմպիական մրցումները Լոնտոնի մէջ տեղի պիտի չունենան: Անոնք տեղի ունեցան 18 – 21 յուլիսին, Ֆերպեքսի մէջ, Ալասքա: Անոնք Էսքիմօ-հնդկական 52-րդ Ողիմպիական խաղերն են, որոնք կ՛ընդգրկեն բեւեռային շրջանի բնակիչներու մշակոյթէն յառաջացած մարզաձեւեր:

Այս խաղերուն ընթացքին կարելի է ներկայ գտնուիլ, օրինակի համար, 8 քիլօ կշռող իր ականջէն տեղափոխելու մրցում մը. տեղի կ՛ունենայ նաեւ հայ-քիքի մրցում, որուն ընթացքին ոտքով պէտք է հարուածել… 2,50 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող գնդակի մը:

Նալաքաթուքի մրցումը շատ տպաւորիչ է: Մօտաւորապէս երեսուն անձեր կը բռնեն եղջերուի մորթէ շինուած մեծ ծածկոց մը: Անոնք զայն կը քաշեն, եւ այս ձեւով մարզիկ մը կրնայ անոր վրայ ցատկել` մարզական ձեւեր կատարելով: Այս թեքնիքը կը գործածուէր սառցապատ շրջաններուն մէջ, հեռուները դիտելու համար, ուր ո՛չ բլուր, ո՛չ ալ ծառ գոյութիւն ունէր վրան բարձրանալու համար:

Դժուար միջավայրի մը կողմէ պարտադրուած կեանքի դժուար պայմանները յատուկ դիմագիծ մը տուած են այս խաղերուն, ուր տառապանքն ու ցաւը անդադար ներկայ են: Այս մրցումները ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենային գիւղերուն մէջ, տօնական առիթներով: Եւ որպէսզի այս աւանդական մարզաձեւերը չկորսուին, Էսքիմօ-հնդկական առաջին Ողիմպիական խաղերը կազմակերպուեցան 1961 թուականին: Անոնց նպատակն էր ցոյց տալ, թէ այդ մշակոյթը տակաւին կենդանի է եւ ամէն տարի կը գրաւէ աւելի մեծ թիւով հանդիսատեսներ:

«Ինուիթ» բառը Կրինլենտի եւ Քանատայի էսքիմոներուն խօսած ինուքթիթութ լեզուով կը նշանակէ «մարդիկ», «ժողովուրդը»: Ինուիթներուն մեծ մասը կը բնակի Նունաաթի մէջ, «ինիութներուն մայրենի հող», Քանատայի հիւսիսային շրջաններուն մէջ: Ըստ քանատական կառավարութեան, 53 հազար ինուիթներ գոյութիւն ունէին 2006 թուականին:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Աշխարհի ամէնէն արագ մարդ արարածը կրնայ վազել 43 քմ արագութեամբ:

– Աշխարհի ամէնէն արագ օձերէն մէկը` Պլաք Մամպան կրնայ սողալ ժամական 12 քմ արագութեամբ:

– Չինաստանի մէջ գոյութիւն ունի գնացք մը, որ կրնայ սուրալ ժամական 483 քմ արագութեամբ:

– Թայուանի մէջ «Թայփէյ 101 թաուր» շէնքին վերելակները 84 յարկ կը բարձրանան 37 երկվայրկեանէն:

– Լու մը կը ցատկէ իր հասակէն 130 անգամ աւելի բարձր: Եթէ ուրիշ կենդանի էակներ նոյնը կարենային ընել, անոնք պիտի կարենային ցատկել

– 40 մեթր (ֆրանսական պուլտոկ),
– 150 մեթր (մեծ թեւատներ),
– 180 մեթր (10 տարեկան տղայ մը),
– 476 մեթր (դլփինը):

 

Ժամանց

 

 

 

Կէտերը իրարու միացուր 1 – 110` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս թիւերը ամբողջացնել` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր կլորակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերուն գումարին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կէտ մը պարունակող բաժինները ներկէ գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES