ԱՐՑԱԽ. ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ` ԱՐՑԱԽԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 14 ապրիլին Ստեփանակերտի օդակայանի գլխամասային շէնքին մէջ կատարեց աշխատանքային խորհրդակցութիւն:

Խորհրդակցութեան ընթացքին զեկուցումներ ներկայացուցին քաղաքացիական օդանաւորդութեան վարչութեան պետ Տմիթրի Ատբաշեան, օդակայանի տնօրէն Արթուր Կարապետեան եւ համապատասխան ծառայութիւններու պատասխանատուները:

Բակօ Սահակեան ընդգծեց, որ օդակայանի վերագործարկման գործին մէջ առաջնահերթութիւնը անպայման պէտք է տրուի որակական չափանիշներու պահպանման` միջազգային պահանջներուն համապատասխան:

Նախագահը որոշակի յանձնարարականներ տուաւ շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն` աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES