ՀՄԸՄ-ական Յովհաննէս Ծատուրեանը
ՅԱԿՈԲ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Քառասուն օրեր առաջ վերջին հրաժեշտով հողին յանձնեցինք մարմինը ՀՄԸՄ-ական վաստակաւոր եղբօր մը` Յովհաննէս Ծատուրեանին, որ միութեան մէջ ունեցած է աւելի քան 60 տարիներու գործունէութիւն:
Յովհաննէս Ծատուրեան փոքր տարիքէն մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ին` իր առաջին քայլերը առնելով սկաուտական մարզին մէջ, մասնակցելով սկաուտական հաւաքներու եւ բանակումներու, ապա եղած է մարզիկ, մարզիչ, հեծելարշաւի յանձնախումբի անդամ, Պէյրութ մասնաճիւղի վարչական, ապա ատենապետ, հեծելարշաւի ֆետերասիոնի փոխնախագահ, ինչպէս նաեւ` ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ:
Եղած է օրինակելի եւ տիպար մարզիկ եւ լուռ ու մունջ գործունէութիւն տանող վարչական եղբայր մը:
Ինչպէս ՀՄԸՄ-ի, նոյնպէս ալ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի արխիւները կը վկայեն Ծատուրեան զոյգ եղբայրներուն` Վարդգէսին եւ Յովհաննէսին 1950-ական եւ 60-ական թուականներուն լիբանանեան հեծելարշաւի մարզին մէջ ունեցած սխրագործութիւններուն, դերին եւ ներդրումի մասին, ինչ որ ինքնաբերաբար կը պարտադրէ, որ ՀՄԸՄ-ի անունը ոսկեայ տառերով արձանագրուի Լիբանանի հեծելարշաւի պատմութեան էջերուն մէջ :
Հեծիկին հետ եղբայր Յովհաննէս Ծատուրեանին հեքիաթը կը սկսի 1951-ին, երբ սիրողական մարզիկներու յատկացուած առաջին պաշտօնական մրցումին` Պէյրութ-Տամուր-Պէյրութ մայրուղիին վրայ ան կը նուաճէ առաջին դիրքը:
1952-ին, այսինքն` ճիշդ 60 տարի առաջ, կ՛անդամակցի ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի խումբին` արձանագրելով փայլուն արդիւնքներ ու վեր պահելով միութեան դրօշը լիբանանեան եւ արաբական մակարդակներու վրայ:
Յովհաննէս Ծատուրեան 1956-ին Լիբանանը կը ներկայացնէ Եգիպտոսի մէջ կայացած մրցաշարքի մը, իսկ 1957-ին տեղի ունեցած միջարաբական խաղերու ան կը հանդիսանայ 5-րդ. դիրք մը, որ ցարդ ոչ մէկ լիբանանցի հեծելանւորդ կարողացած է նուաճել:
1960-ին եղբ. Յովհաննէս կը ստանձնէ ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի խումբերու մարզիչի պաշտօնը` հոն եւս արձանագրելով նոր մրցանիշ մը, երբ ՀՄԸՄ-ը 5 յաջորդական տարիներ կը տիրանայ Լիբանանի հեծելարշաւի խմբային ախոյեանութեան 1961, 1962, 1963, 1964 եւ 1965 տարիներուն:
Մրցանիշ մը, որ կը գոյատեւէ մինչեւ այսօր:
Իր եւ իր եղբօր` Վարդգէսին ցուցմունքներով ու անոնց մարզումներուն հսկողութեամբ ՀՄԸՄ-ական Հրաչ եւ Վաչէ Ծատուրեան եղբայրները Լիբանան հայրենիքը կը ներկայացնեն Ողիմպիական խաղերուն:
Իբրեւ մարզիկ եւ մարզիչ` իր արձանագրած բեղուն արդիւնքներէն ետք Յովհաննէս Ծատուրեան կը նուիրուի վարչական գործունէութեան, ՀՄԸՄ-ի եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մէջ` դառնալով ֆետերասիոնի փոխնախագահ, իսկ 2006-ին կը ստանայ Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի պատուոյ անդամի տիտղոս:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը զինք կը պատուէ «Ծառայութեան շքանշան»-ով, իսկ 2008-ին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ձեռամբ կը ստանայ «Արժանեաց շքանշան»-ը:
Յովհաննէս Ծատուրեանի մահով հեծելարշաւի աշխարհէն ներս ՀՄԸՄ-ական տիտանի մը պատմութիւնն է, որ կ՛աւարտի` առանձին ձգելով մեզ, սուգի մատնելով Լիբանանի հեծելարշաւի մարզը ընդհանրապէս ու իր ընտանեկան պարագաները, հարազատները, բարեկամներն ու իր պատկանած միութիւնը մասնաւորաբար:
Սիրելի՛ եղբայր Յովհաննէս,
Դուն, որ եղար տիպար մարզիկ եւ միութենական գործունեայ անդամ ` ըլլայ միութեանդ, ըլլայ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մէջ, քաջ գիտցիր, որ աւանդը փոխանցուած է ապահով ձեռքերու, որոնք կը քալեն նախորդներուն գծած ուղիով, հաւատքով ու տեսիլքով:
Վարձքդ կատար, սիրելի՛ եղբայր:
Հողը թեթեւ գայ վրադ:

