«Ռուսիա Սպառազինութեան Մրցավազքի Մէջ Պիտի Չմտնէ» Կ՛ըսէ Փութին

Վլատիմիր Փութին

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ սպառազինութիւններու պետական ծրագիրի իրագործման նուիրուած խորհրդակցութեան ժամանակ յայտարարած է, որ Մոսկուա չի պատրաստուիր սպառազինութիւններու մրցավազքի մէջ մտնել, սակայն ոչ ոք պէտք է կասկածի ռուսական հիւլէական զէնքի արդիւնաւէտութեան ու յուսալիութեան:

Ան յիշեցուցած է, որ այսօր հիւլէական զէնքի ու օդատիեզերական յարձակումի միջոցներու տիրապետող բոլոր գերտէրութիւնները զանոնք կը կատարելագործեն եւ կը զարգացնեն, աշխուժօրէն կը մշակեն կառավարման համակարգեր, կը բարձրացնեն հետախուզութեան միջոցներու արդիւնաւէտութիւնը, հսկողութիւնն ու տեղեկատուութեան հաւաքագրումը:

Փութին ընդգծած է, որ Ռուսիոյ անվտանգութեան ապահովման հարցին մէջ այդպիսի ջանքերու համար յատուկ պատասխանատուութիւն կը պահանջուի: «Ատիկա կը վերաբերի հիւլէական զէնքին, որ կը շարունակէ ըլլալ Ռուսիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան կարեւորագոյն երաշխիքը, կարեւոր դեր խաղալ համաշխարհային ու շրջանային հաւասարակշռութեան, կայունութեան ապահովման հարցին մէջ», ըսած է ան:

Ըստ անոր, մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ Օդատիեզերական պաշտպանութիւնը: «Անիկա պէտք է մշտապէս մարտական պատրաստ վիճակի մէջ ըլլայ, հաշուի առնէ կարողական թշնամիի յարձակումի միջոցներու զարգացման ծրագիրները, ապահովէ յստակ եւ գործողութենական փոխադարձ գործակցութիւն տարբեր զօրատեսակներու հետ», ըսած է Փութին:

Ան նշած է, որ բոլոր ծրագիրները անհրաժեշտ է իրագործել նախատեսուած ժամկէտի մէջ: Իբրեւ արդիւնք, ըստ Ռուսիոյ նախագահին, մինչեւ 202 ռազմավարական հիւլէական ուժերուն մէջ ժամանակակից սպառազինութիւններու բաժինը պէտք է կազմէ 75-85 առ հարիւր, իսկ օդատիեզերական պաշտպանութեան զօրքերուն մէջ` 70 առ հարիւրէն ոչ պակաս:

Ռուսիոյ նախկին նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ նոյեմբեր 2010-ին յայտարարած էր օդատիեզերական միասնական համակարգի ստեղծումը:

Share this Article
CATEGORIES