Իրան Առաջնահերթ Անհրաժեշտութեան Մթերքներով Կը Պահեստաւորուի
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի հանքային արդիւնաբերութեան փոխնախարար Հասան Ռատմարտ երէկ յայտարարած է, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի յատուկ հրամանագիրով, Իրան սկսած է առաջնահերթ անհրաժեշտութեան մթերքներու պահեստաւորման հոլովոյթը` պատրաստուելով հաւանական արտակարգ իրավիճակի:
Ան ընդգծած է, որ հոլովոյթը արդէն սկսած է, եւ Իրան կը ծրագրէ պահեստաւորել ամէնէն անհրաժեշտ մթերքները, ներառեալ` ցորեն, շաքար, միս, բրինձ եւ այլն: Որոշ մթերքներ ծովու ճամբով կը ներածուին արտասահմանէն: Իրանի այս քայլը «դիմագրաւման տնտեսութիւն» քաղաքականութեան միջոցառումներէն է:
Իրանեան խորհրդարանը չորեքշաբթի օր «դիմագրաւման տնտեսութիւն» քաղաքականութեան յատուկ խորհրդակցութիւններ կատարեց` մասնակցութեամբ նախագահի աշխատակազմին եւ դատական համակարգի ներկայացուցիչներուն:
Հինգ ժամ տեւած քննարկումներուն ընթացքին արծարծուած է աղքատութեան ու սննդամթերքի գիներու աճի դէմ պայքարի հարցը, գիւղատնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան մարզերուն մէջ տիրող իրավիճակը:
«Դիմագրաւման տնտեսութիւն» եզրը Իրանի համար նորութիւն չէ, այս թեմայով առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 17 մայիսին:

