Ազրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղը Գերիշխան Երկիրներու Ցուցակին Մէջ Ներառելու Համար Բողոքագիր Յղած Է Թանզանիոյ

Ազրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլայեւ լրագրողներու յայտնած է, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիր յղած է Թանզանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան` պահանջելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը անյապաղ դուրս բերել գերիշխան երկիրներու ցուցակէն:

Թանզանիոյ միացեալ հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան կայքէջին վրայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը նշուած է իբրեւ առանձին պետութիւն եւ այն երկիրներու շարքին է, որոնց քաղաքացիները Թանզանիա մուտք գործելու համար պէտք է մուտքի արտօնագիր ունենան:

 

Share this Article
CATEGORIES