«Քալչիօ». 2012-2013 Տարեշրջանի Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ
Յառաջիկայ 26 օգոստոսին կը սկսի Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը, երբ տեղի կ՛ունենան Ա. հանգրուանի մրցումները:
Քալչիոյի ախոյեան Եուվենթուս իր առաջին մրցումին պիտի հիւրընկալէ Փարման, մինչ փոխախոյեան Ա. Սէ. Միլան` Սամտորիան:
Ինթեր Միլան իր առաջին մրցումին հիւրը պիտի ըլլայ «Սերի-Ա.»-ի նորեկներէն Փեսքարայի:
Ստորեւ կու տանք Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
Եուվենթուս – Փարմա
Ա. Սէ. Միլան – Սամտորիա
Աթալանթա – Լացիօ Ռոմա
Քիեւօ – Պոլոնիա
Ֆիորենթինա – Ուտինեզէ
Ճենովա – Քալիարի
Փալերմօ – Նափոլի
Փեսքարա – Ինթեր Միլան
Ա. Էս. Ռոմա – Քաթանիա
Սիենա – Թորինօ
CATEGORIES Մարզական

