ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ երեքշաբթի օր Պքերքէի մէջ տեղի ունենալիք միջմարոնիական հանդիպումին Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ներկայութիւնը հաստատուած է:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու գործավար նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլի հետ: Հանդիպումը կը միտի նախապատրաստել զօր. Միշել Աունի եւ սէյիտ Նասրալլայի միջեւ հանդիպում մը»:

ԳՈՐԾԱՎԱՐ վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Փղոսկրեայ Ափունքի նախագահ Հասան Ուաթարայի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` լիբանանցիներուն նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար: Հարիրի ընդգծեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան երկկողմանի հեզասահ յարաբերութիւններուն: Նշենք, որ Հարիրի մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա` մասնակից դառնալու համար Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին քրոջ մահուան սուգին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆատի Աաուար յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի վրայ բանեցուած ամերիկեան ճնշումներն են կառավարութեան կազմութեան ուշացման հիմնական պատճառները:

ՍԱՀՄԱՆԱՄԵՐՁ Ատայսէ գիւղին մօտակայքը իսրայէլեան հրասայլ մը խախտեց ՄԱԿ-ի սահմանային Կապոյտ գիծը: Միւս կողմէ, իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց Հասպայայի, Նապաթիէի եւ Մերժահիունի վերեւ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը երէկ ձերբակալեցին 39 յանցագործներ` ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Խազեն «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ չկայ հարց մը, որուն լուծումը անկարելի է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ որեւէ ատեն հանդիպում մը կրնայ տեղի ունենալ: Նոյն օրաթերթը կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին կը գրէ, որ անիկա հիմնական երկու հարցեր կը դիմագրաւէ` ներքին գործոց նախարարութեան եւ սիւննի համայնքի ներկայացուցչութեան առումով:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Օմար Քարամէ «Նահար» օրաթերթին յայտնեց, որ կառավարութեան ծնունդը յայտարարելու ազդանշանը տակաւին չէ տրուած:

ԴԱՏԱԿԱՆ իշխանութեանց մօտիկ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին յայտնեցին, որ ըստ հետաքննութեանց, Պեքաայի մէջ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներու առեւանգումին պատասխանատու են երեք լիբանանցիներ եւ սուրիացի մը:

ԷՄՆԸՍԹԻ ինթըրնեշընըլ լիբանանեան իշխանութիւններէն պահանջեց բացայայտել Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին անյայտ կորսուած լիբանանցիներուն ճակատագիրը:

ՓՌԱՊԱՆՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Քազեմ Իպրահիմ շեշտեց, որ սենտիքայի անդամները կառչած կը մնան յառաջիկայ 20 ապրիլէն սկսեալ բաց գործադուլ մը սկսելու իրենց որոշումին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իրաւունք չունի իրենց փոխարէն բանակցութիւններ կատարելու եւ իրենց ստանձնելիք նախարարութիւններն ու նախարարները ճշդելու:

ԸՍՏ «Պինա» օրաթերթին, բանակը լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ Ուատի Խալետի շրջանին մէջ ձերբակալած է երեք քաղաքացիներ, որոնք դէպի Սուրիա զէնք ու զինամթերք կը մաքսանենգէին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս կոչ ուղղեց արաբական երկիրներու ղեկավարներուն` վերջ տալու լիբանանցի քաղաքացիները իրենց երկրէն արտաքսելու քաղաքականութեան:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ դատախազ Սայիտ Միրզա յետմիջօրէին նախագահեց դատական նիստի մը, որուն ընթացքին ան դատաւորներէն պահանջեց արագացնել շարք մը արգելափակեալներու դատավարութիւնը:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրի Սուրիոյ ներքին քաղաքական կեանքը   քանդելու միջոցի մը վերածուած է` աւելցնելով, որ ան ուղղակիօրէն առնչուած է սուրիական ընդդիմութիւնը ֆինանսաւորելու եւ զինելու աշխատանքին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի շեշտեց, որ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները բաւական հին են եւ այս կամ այն անձնաւորութեան կատարած սադրիչ յայտարարութիւնները ոչ մէկ ձեւով կրնան խզել այնպիսի յարաբերութիւն մը, որ հազարաւոր տարիներու կեանք ունի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախկին անդամներու խորհուրդի նախագահ Էլի Ասուատ ընդգծեց, որ ոմանք` անտեսելով Իսրայէլի կողմէ ամէնօրեայ դրութեամբ գործուած ոտնձգութիւնները, կը հալածեն Դիմադրութիւնը եւ կը փափաքին զայն զինաթափ ընել, որպէսզի տկարացնեն Լիբանանը:

ԲԱՆԱԿԻ հրամանատարութեան հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան համաձայն, իսրայէլեան 13 օդանաւեր հարաւային Լիբանանի, Ժեզզինի, Նապաթիէի, Մերժահիունի, Քֆարքիլայի, Խիամի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի վերեւ թռիչքներ կատարած են եւ կեղծ յարձակումներ գործած:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերը պէտք է վկայեն Լիբանանի նոր կառավարութեան ծնունդը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ լիբանանցիները պէտք է մոռնան պատերազմի օրերն ու անոր կարելիութիւնները եւ ձգտին ունենալու իրենց վայել երկիր մը ու հզօր պետութիւն մը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ հաղորդակցութիւնները գաղտնի են ու դանդաղ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ 1975-ին բռնկած քաղաքացիական պատերազմը երկրին մէջ պաղեստինցի գաղթականները բնակեցնելու ծրագիրին իրագործման նախաքայլն էր:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մըրատ նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան ուշացումը ունի ներքին եւ արտաքին պատճառներ, որոնք շօշափելի չեն:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, «Ուիքիլիքս»ի կատարած բացայայտումներուն պատճառով առողջապահութեան գործավար նախարար Մոհամետ Ժաուատ Խալիֆէ եւ երեսփոխան Եասին Ժապեր, որուն վերապահուած էր նոր կառավարութեան մէջ արտաքին գործոց նախարարի պարտականութիւնը, պիտի զրկուին այդ պաշտօններէն:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կ՛աճապարեն կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի Լիբանանը ամրապնդեն` շրջանին մէջ արձանագրուելիք զարգացումներուն եւ հաւանական մագլցումներուն դիմաց:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներէն, յայտնեց, որ այս շաբթուան ընթացքին ո՛չ  լաւատեսութիւն եւ ո՛չ ալ զարգացում կայ` կառավարութեան կազմութեան առումով:

«ՈՒԻՔԻԼԻՔՍ» կայքէջին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ 2007-ին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճեֆրի Ֆելթմանի հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ ինք Նեսիպ Լահուտի, Պութրոս Հարպի եւ Շարլ Ռըզքի թեկնածութիւնները կ՛առաջադրէ նախագահական պաշտօնին համար:

ԸՍՏ «Ուիքիլիքս»ի, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ նախկին դեսպան Ապտել Ազիզ Խոժա Ֆելթմանի հետ իր փոխանակած հեռագիրներուն մէջ Հըզպալլան որակած է սատանայ, ինչպէս նաեւ շեշտած, որ Ասեֆ Շաուքաթ կը ջանայ ահաբեկել Սաատ Հարիրին եւ Ֆուատ Սինիորան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES