ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ. ՊԱՊԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ մեկնեցաւ Վատիկան, ուր ընդունուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ. պատրիարքին կողմէ:
Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց պապին` անոր շնորհած օրհնութեան համար:
Ռայի պատրիարքին եւ պապին միջեւ կայացած հանդիպումին միացան նաեւ Ռայի պատրիարքին ընկերակցող եպիսկոպոսները, մարոնի եկեղեցւոյ միաբան հայրերը, քաղաքական անձնաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ լրագրողները:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց մարոնի եկեղեցւոյ նոր սկիզբը` շեշտելով այդ հոլովոյթին մէջ լիբանանցի երիտասարդներուն կարեւորութիւնը:
Ռայի պատրիարքը ըսաւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեայ համայնքը կրնայ գոյատեւել եւ գոյակցիլ հոգեւոր այլ կրօններու պատկանող ժողովուրդներուն հետ:
Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի հետ: Ապա ան Հռոմի մարոնիական եկեղեցւոյ մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ Պքերքէի մէջ իր նախագահութեամբ միջմարոնիական հանդիպումը պիտի կայանայ յառաջիկայ երեքշաբթի օր. այդ հանդիպումին պիտի մասնակցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ:
Ան նշեց, որ այդ օրը պիտի ըլլայ աղօթքի օր, որմէ ետք պիտի կայանան խորհրդակցութիւններ եւ կարծիքներու փոխանակում: Ան շեշտեց, որ հանդիպումէն հաղորդագրութիւն մը պիտի չբխի:
Պատասխանելով Հըզպալլայի զէնքին մասին հարցումի մը` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ այդ հարցը պէտք է լուծուի լիբանանեան ազգային երկխօսութեան ծիրին մէջ:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Հռոմէն Լիբանան վերադառնալէ ետք անմիջապէս պիտի լծուի Պքերքէի եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան հանդիպումի մը կայացման:
Ռայի պատրիարքը նշեց նաեւ, որ յառաջիկայ 12 մայիսին Պքերքէի մէջ տեղի պիտի ունենայ քրիստոնեայ-իսլամ վեհաժողով: