Սեդա Դեղարարեանի Յիշատակին
Շաբաթ օր Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ բարերար Սեդա Դեղարարեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ անդամները, ՀՅԴ կոմիտէներու ներկայացուցիչներ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը, ԼՕԽ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւններու անդամներ, Քարիթաս բարեսիրական կազմակերպութեան նախագահ հայր Սիմոն Ֆատտուլ եւ կազմակերպութեան տնօրէն Ժորժ Խուրի:
Թաղումը կատարուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ, ուր յանուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին դամբանական խօսք արտասանեց Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վիգէն Աւագեան: Ստորեւ կու տանք դամբանական խօսքը:
Մահը, ո՛ր տարիքի եւ ի՛նչ պայմաններու տակ ալ պատահի, մահ է.- դառն ու տխուր:
Կարելի չէ հաստատել մահուան գոյութիւնը եւ չտխրիլ ու չցաւիլ:
Սակայն, տխրութիւնը խոր վիշտ կը դառնայ, իսկ ցաւը կսկիծի կը վերածուի, երբ ան կը խլէ հայ ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակներէն մէկը, որ բառին իսկական առումով երեւոյթ մը եղաւ մեր կեանքին մէջ:
Երեւոյթ մըն էր Սեդա Խորէն Դեղարարեան, 48 տարիներու իր անմնացորդ ծառայութեամբ Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցին: Լուռ եւ խոնարհ ծառայութիւն: Ան իր կեանքը սպառեց ծառայութեան առաքելութեան մէջ` հաւատալով, որ` «Մարդը մարդ է այնքանով որ կը գործէ ուրիշին համար»:
Ու պատահական չէր այս երեւոյթը, որովհետեւ Սեդա Դեղարարեան կու գար հայկական աւանդական ու միութենական ծանօթ ընտանիքէ մը, որ ծառայութիւնը ընտրած էր իբրեւ կեանքի սկզբունք: Հալէպէն մինչեւ Պէյրութ, անուրանալի եղած է Դեղարարեան ընտանիքին ներդրումը մեր ազգային կեանքին: Ինք` կեանքի պարտադրանքներու պատճառով, մաս չկազմեց միութենական-կուսակցական կեանքի, սակայն «ողն ու ծուծ»-ով եղաւ դաշնակցական: Մտածեց, գործեց ու մեռաւ, իբրեւ մոլեռանդ հայ:
Աշխատանքի պայմաններու բերումով, Սեդա Դեղարարեան կրնար շատ դիւրութեամբ հայութիւնը մոռնալ: Հայ մնալու եւ չմնալու երկընտրանքը իր դէմ ցցուած էր բազմիցս: Եւ որքա՜ն դիւրին պիտի ըլլար իրեն համար հայ չմնալու ընտրանքը. հայերէն չխօսիլը, հայութեան հետ իր կապերը խզելը եւ հայկական արժէքներէ եւ սրբութիւններէ հրաժարիլը: Սակայն ան ընտրեց դժուա՛ր ուղին: Հայութեան հետ մնալու յանձնառութեան ուղին:
Իր կեանքի ընթացքին, Սեդա Դեղարարեան երբեք լուսարձակներու մարդը չեղաւ: Աշխատեցաւ, տքնեցաւ եւ իր արդար վաստակը հաւաքեց լումայ առ լումայ` իր կեանքի վերջալոյսին իբրեւ գրաւական: Սակայն, ծառայութեան ոգին զինք անգամ մը եւս մղեց մոռնալու իր սեփական եսը, արհամարհելու իր անձնական հանգիստը եւ ասպետական քայլով մը իր ամբողջ ունեցածը կտակելու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին` Պուրճ Համուտի մէջ երիտասարդական կեդրոնի մը ստեղծման նպատակով:
Այսքան գուրգուրանք, այսքան զոհողութիւն կուսակցութեան հանդէպ, անտարակոյս, որ արժանի է խոր յարգանքի: Ու պէտք է վստահ ըլլալ, որ իր տուածը միայն դրամը չէր, միայն նիւթական արժէքը չէր, այլ` հայրենասիրութեամբ զեղուն իր սիրտն ու հոգին, զոր կարելի չէր նիւթով չափել:
Այսօր, անջնջելի յիշատակներ կան հոգիներուն մէջ բոլոր անոնց, որոնք ապրած եւ գործած են Սեդա Դեղարարեանի հետ:
Անջնջելի յիշատակներ կը պահեն նաեւ հիւանդութեան իր սնարին այցելած պատասխանատուները, ազգային-միութենական ներկայացուցիչները, երիտասարդներն ու պատանիները, որոնք առիթը ունեցան ծանօթանալու անոր հայատրոփ ներաշխարհին:
Սեդա Դեղարարեան վերջին տարիներուն ապրեցաւ միայնակ ու լուռ, անցեալի յուշերով եւ ապրումներով, վիրաւոր արծիւի մը պէս սպասելով մահուան, զոր այնքա՜ն արհամարհած էր եւ որ, իր կարգին, սպասեց անոր 87-րդ տարուան, որպէսզի ապահո՛վ կերպով զգետնէ զայն իր մահիճին մէջ:
Կը մնայ այլեւս հաշտուիլ Սեդա Դեղարարեանի մահուան գաղափարին հետ եւ ընդունիլ, որ մահը ինչքան ալ տխուր իրողութիւն մը ըլլայ, անպայման որ ունի գեղեցիկ եւ սփոփիչ մխիթարանք մը, որ յիշատակով անմահանալու իրողութիւնն է:
Սիրելի՛ Սեդա Դեղարարեան,
Քանի պաշտած կուսակցութիւնդ կայ, եւ քանի անունդ կրող դաշնակցական երիտասարդական կեդրոնը սկսած է կեանքի կոչուիլ, յիշատակդ կապուած պիտի մնայ անոնց եւ դուն պիտի չմոռցուիս երբեք: Ընդհակառակն, «Սեդա Դեղարարեան երիտասարդական կեդրոն»-ին մէջ ազգային ու գաղափարական դաստիարակութիւն ստացող մեր պատանիներն ու երիտասարդները միշտ երախտապարտ պիտի մնան քեզի, որ առիթը ընծայեցիր իրենց` արդիական կեդրոնի մը մէջ հաւաքական մտահոգութիւններով ապրելու եւ ընդհանրական տեսլականներով գործելու:
Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը շաբաթ օր իր մէջ ամփոփեց ինչ որ կորնչելի էր քեզմէ: Սակայն, անկորնչելին` պայծառ անունդ կրող երիտասարդական կեդրոնը մտաւ լիբանանահայութեան պատմութիւն:
Հողը թեթեւ գայ վրադ:

