«Հայկական Թաղամասերը Մարտերու Թատերաբեմ Չեն» Հաստատեց Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի Մամլոյ Բանբերը

«Ազդակ» երէկ երեկոյեան կապ հաստատեց Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ բանբեր Ժիրայր Րէյիսեանի հետ, որ իր կարգին հաստատեց, որ Հալէպի հայկական թաղամասերը մարտերու ուղղակի թատերաբեմեր չեն: Րէյիսեան ըսաւ, որ թաղամասերուն մէջ թէեւ կրակոցներ կ՛արձանագրուին: Պատասխանելով «Ազդակ»-ի հարցումին Րէյիսեան հաստատեց, որ Հալէպի հայկական հաստատութիւնները որեւէ նիւթական վնասներու չեն ենթարկուած: Ըստ մամլոյ բանբերին Հալէպէն հայերու մեծաթիւ մեկնումներ եւս իբրեւ երեւոյթ գոյութիւն չունի, հակառակ անոր որ ժամանակաւոր մեկնողներ կան:

Share this Article
CATEGORIES