Լիբանանցիները Առեւանգող Պատասխանատուն Կը Հաստատէ, Որ Առեւանգուողները Լաւ Են Եւ Յարմար Առիթին Տուն Պիտի Վերադառնան
Հալէպի մէջ 11 լիբանանցիները առեւանգող պատասխանատու Ապու Իպրահիմ երէկ առաջին անգամ ըլլալով յայտնեց, որ առեւանգուող լիբանանցիները կը գտնուին «Սուրիոյ յեղափոխութեամբ ազատագրուած» վայրի մը մէջ` աւելցնելով, որ անոնք օր մը օրանց Թուրքիա չտարուեցան:
Ան հաստատեց, որ լիբանանցիները իրենց հիւրերն են եւ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին: «Կը մաղթենք, որ յարմար առիթին, երբ կարելի ըլլայ ապահով ճամբան երաշխաւորել, կարելի կ՛ըլլայ նաեւ անոնք Լիբանան վերադարձնել», ըսաւ ան:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ապու Իպրահիմ ջրեց բոլոր այն տեղեկութիւնները, թէ խոստումներ տրուած են առեւանգեալները ռամատանի ընթացքին ազատ արձակելու:
Ան շեշտեց, որ անոնց ազատ արձակումը ապահովական պատճառներու հետ կապուած է` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի կեցուածքներն են, որոնք պատճառ դարձած են առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին խոչընդոտումին:
Ապու Իպրահիմ յայտնեց, որ ինք Սուրիոյ յեղափոխութեան մաս կը կազմէ, սակայն Սուրիական ազատ բանակին չի պատկանիր:
Ան շեշտեց, որ իրենք օր մը օրանց փրկագին չեն պահանջած 11 լիբանանցիները ազատ արձակելու իմաստով եւ ոչ մէկ պաշտօնական հեղինակութեան հետ բանակցութիւն կատարած են:
«Մենք մերժած ենք թրքական միջամտութիւնը մեզի հետ ընթացող բանակցութիւններուն, որովհետեւ թուրքերը ոչ մէկ կապ ունին այս հարցին հետ», ըսաւ ան` նշելով, որ ինք քաղաքային է եւ ոչ զինուորական եւ նիւթական մեծ օժանդակութիւններ կը ստանայ սուրիացի եւ օտար անձնաւորութիւններէ:
Միւս կողմէ, առեւանգուած լիբանանցի Ապպաս Շաայպ յայտնեց, որ ինք լաւ է` մաղթելով, որ նախքան Ֆիթրի տօնը ազատ արձակուած ըլլայ:
Իր կարգին, այլ առեւանգեալ Ալի Ապպաս յայտնեց, որ առեւանգուած օրուընէ սկսեալ ինք ոչ մէկ չարիքի կամ տանջանքի ենթարկուած է` աւելցնելով, որ ինք չի գիտեր, թէ ե՛րբ ազատ պիտի արձակուին: Ան լիբանանեան պետութենէն պահանջեց ուղղակի միջամտել` զիրենք ազատ արձակելու համար:
Ան դիտել տուաւ, որ իրենք քաղաքական հարցի մը զոհն են:

