Եգիպտոսի Նոր Կառավարութիւնը Պիտի Ձեւաւորուի 2 Օգոստոսին

Հիշամ Քանտիլ

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի նոր նշանակուած վարչապետ Հիշամ Քանտիլ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Եգիպտոսի նոր կառավարութիւնը պիտի ձեւաւորուի հինգշաբթի, 2 օգոստոսին:

Նախորդ երեքշաբթի օր Մուրսի Քանտիլին վստահած էր Եգիպտոսի նոր կառավարութեան ձեւաւորումը: Իբրեւ վարչապետ` Քանտիլ իր առաջին յայտարարութեան մէջ ըսած էր, որ Եգիպտոսի կառավարութեան մէջ պիտի ըլլան արհեստավարժներ` անկախ քաղաքական նախասիրութիւններէն եւ կուսակցական պատկանելիութենէն:

Հիշամ Քանտիլ, որ վերջերս 41 տարին լրացուց, Եգիպտոսի պատմութեան մէջ ամէնէն երիտասարդ վարչապետն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES