Զօր. Լահուտ Շնորհաւորեց Բանակը Եւ Ընդունեց Ապատին

Դեսպան Ապատի եւ զօր. Լահուտ

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` իր հիմնադրութեան տօնին առիթով: Ան կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն, որ բանակը հեռու պահեն իրենց տագնապներէն, յատկապէս իշխանութեան տիրանալու իրենց ախորժակներէն:

Միւս կողմէ, զօր. Լահուտ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որ նախկին նախագահին փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները` 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին արձանագրուած յաղթանակին առիթով:

Ապատի յայտնեց, որ զօր. Լահուտի փոխանցած է իրանցի պետական պաշտօնատարներուն շնորհաւորութիւնները` աւելցնելով, որ Թեհրան կը զօրակցի Դիմադրութեան, որ Լիբանանի պատմութիւնը լեցուցած է յաղթանակներով:

Ապատի աւելցուց նաեւ, որ ինք զօր. Լահուտի հետ քննարկած է տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES