Ճատրակ. Տ. Պետրոսեան` Յառաջատարներու Շարքին
Ողիմպիական ախոյեան Տիգրան Լ. Պետրոսեան Յունաստանի Քավալա քաղաքին մէջ ընթացող ճատրակի բաց մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանէն ետք ունի 5 կէտ: Հայ քրոսմայստըրը Հնդկաստանի ներկայացուցիչներ Շեխար Կանկուլիի եւ Ապհիճիթ Կուպտայի հետ կը գլխաւորէ աղիւսակը:
ՔՐՈՍՄԱՅՍՏԸՐ Հրանդ Մելքումեան Զուիցերիոյ Պիլ քաղաքին մէջ ընթացող փառատօնի ծիրին մէջ կազմակերպուած կայծակնային մրցաշարքին 144 մասնակիցներու մէջ գրաւած է 4-րդ դիրքը: Իսկ Սերկէյ Մովսիսեան` 8-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական

