Սպանացի Ֆութպոլիստները Կը Պատժուին

ՖԻՖԱ-ն տուգանքի պիտի ենթարկէ Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն մասնակցող Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը:

Լոնտոնեան խաղերուն երկրորդ հանգրուանին` Հոնտուրասի դէմ մրցումին ատեն, սպանացիները յաջողեցան 7 անգամ ազդարարութիւն, դեղին քարտ ստանալ` յաճախ վիճելով իրաւարարին հետ: Սպանացիները իրաւարարէն կը պահանջէին փենալթի մը: Բացի ատկէ, կիսախաղի դադարի ատեն քաշքշուք տեղի ունեցաւ երկու խումբերու մարզիկներուն միջեւ:

Յիշեցնենք, որ սպանացիները երկու յաջորդական պարտութիւն կրեցին եւ զրկուեցան փլէյ-օֆի կարելիութենէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES