Դրուագներ Ողիմպիականներէն. Ոսկի Մետալ Նուաճած Ամերիկուհին Մոռցաւ Քայլերգին Բառերը
«Ես կ՛ուզէի կատարել իմ երկրիս քայլերգը, սակայն մոռցած էի բառերը», յայտարարեց ողիմպիական խաղերուն ոսկի մետալ նուաճած ամերիկացի լողորդ Միսի Ֆրենքլին, որ կիներու 100 մ թիկունքի վրայ, թիկնալողի մէջ գերազանցեց իր մրցակիցները:
«Աներեւակայելի էր տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կը բարձրանար Միացեալ Նահանգներու դրօշը: Ես ուղղակի չէի հաւատար կատարուածին: Յաղթանակէն ետք գլխուս մէջ անհասկնալի բաներ դարձան», ըսաւ Միսի Ֆրենքլին, որուն ըստ երեւոյթին գլխապտոյտ պատճառած է… ոսկին (թէեւ որո՞ւն չի պատճառեր):
Սէուտական Արաբիոյ
Ժիւտոյիստը… Լաչակով
Ժիւտոյի կիներու Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչ Վոյթան Շահերկան, ողիմպիական խաղերուն կը մասնակցի… լաչակով: Այս որոշումը տուած են Սէուտական Արաբիոյ Ազգային ողիմպիական խորհուրդը, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն եւ ժիւտոյի միջազգային ֆետերասիոնը միասնաբար: 18-ամեայ Շահերկանի Լոնտոնի խաղերուն մէջ սէուտական պատուիրակութեան 2 ներկայացուցիչներէն մէկն է: Ան կրնար հրաժարիլ մասնակցելէ, եթէ այդ արտօնութիւնը չստանար:
Ցարդ ողիմպիական խաղերուն Սէուտական Արաբիան կը ներկայացնէին միայն տղամարդիկ:
Դատարկ Աթոռներ
Ըստ բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթին, ողիմպիական խաղերու ընթացքին դատարկ թրիպիւնները լեցնելու համար, խաղերու կազմակերպիչները ստիպուած զինուորները հրաւիրած են խաղերը դիտելու:
Մասնաւորաբար անոնք կը նստին պաշտօնական հիւրերու եւ բարձրաստիճան անձնաւորութեանց, նախագահներու, թագաւորներու համար նախատեսուած աթոռներուն վրայ:
Զինուորները հաւանաբար կը մտածեն. օրուան մը թագաւորութիւնն ալ, թագաւորութիւն է…
Արգիլուած Խթանիչներ
2012 թուականի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու առաջին օրէն մինչեւ երէկ, արգիլուած խթանիչներ գտնուած են 7 մարզիկներու արիւնին մէջ: Առաջինը, որ բացայայտուեցաւ, յոյն ծանրաբարձ Տիմիթրիս Խոնտրոքուքիսն է, որ անմիջապէս հեռացուեցաւ մրցումներէն: Ողիմպիականի առաջին օրը տոփինկի վրայ բռնուեցան… անշուշտ պիտի չզարմանաք… թուրք երկու ծանրաբարձներ, որոնք վստահաբար ըսին. «Այո՛, ողիմպիականի մասնակցող մարզիկներ ենք, բայց թուրք ենք պապա՛մ…»:

