50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 16 ապրիլ 1961 )
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ՊԵՏՐՈՍ ՌԱՖԱՅԷԼԵԱՆԻ
ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Հինգշաբթի կէսօրէ ետք, ժամը 3:00-ին, ընկերներու, բարեկամներու եւ ազգականներու ստուար բազմութեան մը ներկայութեան, տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը Պետրոս Ռաֆայէլեանի, բնիկ սսեցի, հայրը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արշակունի Ռաֆայէլեանի:
Յուղարկաւորութեան կարգի արարողութիւններուն նախագահեց Լիբանանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան, որ խօսեցաւ յուզիչ դամբանական մը` վեր հանելով հանգուցեալին արժանիքները` իբրեւ տիպար հայու, աւանդապաշտ մարդու եւ ընտանիքի բարի հօր:
Ապա յուղարկաւորներու թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Պուրճ Համուտի Ազգ. գերեզմանատունը, ուր տեղի ունեցաւ թաղումը:
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՆԱՉԵԱՆ
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ
Քանի մը օր առաջ Հալէպէն Պէյրութ վերադարձան տէր եւ տիկին Կանաչեաններ, որոնք պիտի երթան Եգիպտոս եւ անկէ Պաղտատ, վերջնականապէս հաստատուելու համար հոն:
Եգիպտոսի արաբական թերթերը վերջերս հիացումով արտայայտուած են մեծ վարպետին մասին, որ բազմաձայնի վերածած է կարգ մը արաբական երգեր:
ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՊՈԼՍՈՅ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Պոլսոյ Յունաց տիեզերական պատրիարքը` Աթենակորաս Ս. Յարութեան տօնին առթիւ անցած կիրակի օր շնորհաւորական այցելութիւն մը տուած է Գարեգին պատրիարքին եւ ընդունուած` մայր եկեղեցւոյ զանգակներու ղօղանջով:
Յունաց պատրիարքը սիրալիր խօսակցութիւն մը ունեցած է եւ ի մէջ այլոց` ըսած. «Ուրախ եմ, որ համագործակցութիւն մը գոյութիւն ունի մեր միջեւ, եւ այժմ աւելի զգալի դարձած է կրօնական միութեան անհրաժեշտութիւնը: Կը յուսամ, թէ լաւ կ՛ընթանան գործերը, եւ վստահ եմ, թէ աւելի լաւ պիտի ըլլան ապագային: Մենք` քրիստոնեաներս լաւ հայրենակիցներ ենք: Պիտի գայ շրջան մը, երբ բոլոր տօները պիտի կատարենք միասնաբար:
Աթենակորաս պատրիարքը յետոյ հետաքրքրուած է Ս. Խաչ դպրեվանքով: Մեկնելէն առաջ իջած է մայր եկեղեցի եւ «Հրաշափառով» յառաջացած` դէպի խորան:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ՀԱՅՊԵՏՀՐԱՏԻ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Անցեալ տարուան` 1960-ի վերջին եռամսեային, Հայպետհրատը լոյս ընծայած է գեղարուեստական մեծարժէք երկերու նոր շարք մը, որոնք կը հարստացնեն հայկական մատենագրութեան գանձը:
Այսպէս, Մկրտիչ Խերանեանի աշխարհաբար թարգմանութեամբ լոյս տեսած է Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» մեծ տաղերգութիւնը, տպաքանակ` քսան հազար օրինակ:
Հրատարակուած են նաեւ արեւմտահայ հրապարակախօս եւ երգիծաբան Յարութիւն Սվաճեանի երկերը, «Հրապարակախօսութիւն» խորագիրին տակ: Սվաճեանի հրատարակած «Մեղու» հանդէսին մէջ մօտ հարիւր տարի առաջ տպուած բոլոր այս աշխատութիւնները առաջին անգամն ըլլալով լոյս կը տեսնեն առանձին հատորով:
Հայպետհրատը ծրագրած է հրատարակել նաեւ արեւմտահայ երգիծաբան Երուանդ Օտեանի ամբողջական գործերը` վեց մեծածաւալ հատորներով: Առաջին հատորը` 732 էջ եւ 10,000 օրինակ, արդէն լոյս տեսած է: Այս հատորին մէջ, շարք մը պատմուածքներու, թերթօններու եւ երգիծական յօդուածներու կողքին, որոնք առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուին Հայաստանի ընթերցողներուն, զետեղուած են նաեւ «Միջնորդ տէր պապան», «Փրոփականտիստը», «Ազգային բարերարը» եւ «Գործի մարդիկ» երգիծավէպերը:
Հրատարակուեցաւ նաեւ առաջին հատորը Վահան Տէրեանի ստեղծագործութիւններուն, 384 էջ, քսան հազար տպաքանակով: Տէրեանի ամբողջական երկերը ծրագրուած է լոյս ընծայել երեք հատորով:
Այս առաջին հատորը կը պարունակէ տաղանդաւոր բանաստեղծին քնարերգական քերթուածները, որոնք ներկայացուած են ժամանակագրական կարգով:
Հրատարակուած է նաեւ գրադատ Ա. Տէրտէրեանի երեք կարեւոր աշխատութիւններուն մէկ ժողովածուն, 762 էջ ընդհանուր խորագիր «Երկիր», որ կը բովանդակէ Խ. Աբովեանի, Պերճ Պռոշեանի եւ Յակոբ Պարոնեանի մասին հեղինակին հետազօտութիւնները եւ մենագրութիւնները:
Վերջին ամիսներու ընթացքին Հայպետհրատի հրատարակած երկերուն մէջ կը տեսնենք նաեւ Խ. Թողջեանի մէկ երկասիրութիւնը Ռոմանոս Մելիքեանի մասին:

