Իսրայէլ Աշնան Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Վերջնական Որոշո՞ւմ Որդեգրած Է
Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը, կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը Իրանի հիւլէական կառոյցները հարուածելու վերջնական որոշում մը որդեգրած է: Նշեալ պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին յղում կը կատարէ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւններէն աղբիւրի մը:
Ըստ լրատուամիջոցին, յարձակումը տեղի պիտի ունենայ այս տարուան սեպտեմբերին կամ հոկտեմբերին:
Իսրայէլեան նախարարաց սեղմ խորհուրդին մէջ ութ նախարարներու մասնակցութեամբ մայիսէն ի վեր այս հարցով մնայուն խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան:
Լրատուամիջոցը նաեւ կը մէջբերէ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաքի այն խօսքը, թէ միջազգային ընտանիքը ի վիճակի չէ հիւլէական թղթածրարի հարցին մէջ Իրանի դիրքորոշումին վրայ խաղաղ միջոցներով ազդելու:
Նեթանիահու. «Իրանի Հիւլէական Կառոյցները
Հարուածելու Որոշումը Տակաւին Չէ Տրուած»
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի հիւլէական կառոյցները հարուածելու վերաբերեալ տակաւին որոշում մը չէ տրուած:
«Իսրայէլ Թուտէյ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ անդրադառնալով Իսրայէլի ապահովական մարմիններու ղեկավարներուն կողմէ Իրանը հարուածելու ծրագիրին ընդդիմութեան` Նեթանիահու ըսաւ. «Իսրայէլեան ժողովրդավարութեան մէջ, ինչպէս այլ ժողովրդավարութեանց մէջ, այդ մէկը քաղաքական մակարդակի որոշում մըն է եւ զայն կը գործադրէ զինուորական մարմինը: Տակաւին որոշում չտուի»:
Օրաթերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ Նեթանիահու մերժած է Մոսատի եւ Շափաքի ղեկավարներուն ընդդիմութեան անդրադառնալ` յայտնելով, որ «անոնք իրենց տեսակէտը ըսին հոն, ուր պէտք էր ըսուէր: Անոնց գնահատականները դռնփակ նիստի ընթացքին լսեցի, իսկ անոնց կեցուածքներուն լրատուամիջոցներու կողմէ քննարկումը անպատասխանատու քննարկում մըն է եւ պետութեան ապահովութեան կը վնասէ»:
Նեթանիահու յիշեցուցած է, որ երբ Իսրայէլի նախկին վարչապետ Մենահիմ Պեկին 1981-ին որոշած է Իրաքի հիւլէական հնոցը հարուածել, ապահովական կառոյցներու ղեկավարները դարձեալ ընդդիմացած էին, սակայն քաղաքական ղեկավարութիւնը որոշումը տուաւ, որովհետեւ աւելի համապարփակ տեսադաշտ մը ունի եւ գերագոյն պատասխանատուութիւնը անոր ուսերուն է` աւելցնելով, որ «այդ մէկը այսօր ալ ճիշդ է, որոշումը քաղաքական մակարդակի վրայ կ՛առնուի, ինչ ալ ըլլայ այդ որոշումը»: