Չինական Ռազմարուեստին Նուիրուած Գիտաժողով` Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մէջ
30 յուլիսէն 2 օգոստոս Հայաստան կը գտնուին Չինաստանի զինուորական գիտութիւններու հիմնարկի մասնագէտները: Այցելութեան շրջագիծին մէջ 1 օգոստոսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ հին Չինաստանի զինուորական տեսաբան եւ զօրավար, «Երկ ռազմարուեստի վերաբերեալ» գիրքի հեղինակ Սուն Ցզիի գաղափարներուն, կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած գիտաժողով մը: Սուն Ցզիի ռազմարուեստին ազդեցութեան ներքեւ ստեղծուած է հին Չինաստանի հետագայ զինուորական գրականութիւնը:
Գիտաժողովին մասնակցեցան Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետի տեղակալներ, բանակի եւ զինեալ ուժերու սպայակոյտի վարչութիւններու, առանձին բաժանմունքներու պետեր, բանակային անձնակազմի հրամանատարներ եւ տեղակալներ, Հայաստանի բանակի զինուորական-ուսումնական հաստատութիւններուն, Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչներ, Հայաստանի մէջ Չինաստանի զինուորական կցորդը եւ զինուորական տեսաբաններ: Գիտաժողովի բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրով:
Գիտաժողովի ընթացքին դասախօսութիւն տուաւ Չինաստանի զինուորական գիտութիւններու հիմնարկի աշխատակից, աւագ գնդապետ Ժեն Լի: Չինաստանի զինուորական գիտութիւններու հիմնարկի մասնագէտները պատասխանեցին հայ զինուորականները հետաքրքրող մասնագիտական հարցումներուն:


