50 Տարի Առաջ ( 3 Օգոստոս 1962 )

Հայկական Տուն
Անգլիոյ Մայրաքաղաքին Մէջ

Անցեալին եկեղեցին կը հանդիսանար Լոնտոնի հայութեան կեդրոնավայրը: Այսօր մեր գաղութը իր տունը ունի. գեղեցիկ, կոկիկ, բոլոր յարմարութիւններով օժտուած շքեղ տուն մը:

Ինչպէ՞ս փոքր հայ գաղութ մը կրցաւ իրագործել այս սքանչելի երազը: Ինչպէ՞ս մէջտեղ եկաւ Հայկական տունը այսօր, Անգլիոյ մայրաքաղաքին կեդրոնը հպարտօրէն, ճակատը բաց, սիրտը բաց կը կանգնի: Հարկ կա՞յ բացատրութիւն տալու: Ամէն տեղ շինարար հայը կը հիմնէ իր դպրոցները, եկեղեցիները եւ ակումբները: Լոնտոնի հայութիւնը` կենդանի մասնիկը մեր ցիրուցան ժողովուրդին, գիտակից իր հայկականութեան, հայ լեզուին, կրօնին, հայապահպանման հաւատարիմ պահակն է: Մեծ նիւթական զոհողութիւններով, մեծ ջանքերով, նուիրումով հիմնեց իր տունը:

Պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 17 յունիս 1962-ին: Հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր: Բացումը կատարեց գաղութին առաջնորդը` Պսակ եպս. Թումայեան: Օրհնեց Հայկական տունը` յայտնելով իր ուրախութիւնը: Ապա Հայկական տան յանձնախումբին նախագահը` Պենլեան խօսեցաւ անգլերէն եւ բացատրեց, թէ ինչպէս 16 տարիներ առաջ յղացան Հայկական տան հիմնումին գաղափարը, որ այսօր արդէն իրականութիւն մըն է: Յարգելի նախագահին յաջորդեց Պ. Խաչատուրեան, որ խօսեցաւ հայերէն եւ իր խորհրդակցութիւնները ընելէ ետք, յիշեց որ «Դրօշակ» թերթին առաջին թիւը տպուած է Լոնտոն: ՀԲԸ Միութեան կողմէ խօսեցաւ Պ. Նիկողոսեան` յիշելով, որ իր միութեան անդամներէն գումարուած երեք հարիւր սթերլինի գումարը յանձնուած է Հայկական տան եւ իր ուրախութիւնը, հպարտանքը յայտնեց ներկաներուն: Լոնտոնի Հայ երիտասարդաց միութեան կողմէ խօսեցաւ Պ. Մահտեսեան` շեշտելով, որ երիտասարդացը միշտ եղած է աշխուժ միութիւն մը, պատրաստ` օժանդակելու եւ գործելու Հայկական տան բարգաւաճման համար:

Հայկական տունը բոլորին տունն է՝ առանց խտրականութեան: Բոլոր հայերուն կեդրոնը: Ամէն հայ երբ ներս կը մտնէ Հայկական տան դուռէն, իր գաղափարի եւ կուսակցական «շապիկը» պէտք է հանէ եւ փոխարինէ զայն հայութեան շապիկով: Հայկական տունը խմբակի մը մենաշնորհը չէ եւ պէտք չէ ըլլայ բնաւ: Հայկական տունը հայ հոգիին վսեմ եւ քաղցր յարկն է: Այս գիտակցութեամբ եւ սկզբունքով, որ ինքնին Հայկական տան յանձնախումբին սկզբունքն է արդէն, կը հաւատանք, որ Լոնտոնի հայ գաղութը եւ իր կեդրոնավայրի վարիչները համերաշխ հոգիով եւ արդիւնաբեր գործունէութեամբ կը յարատեւեն եւ կ՛ըլլան օրինակելի:

Ղ. ԺԻՐԱՅՐ

«Յառաջ»

 

Տոմսեր

Նասրէտտին Հոճայի Շաբաթը

Թուրքերը իրենց համբաւաւոր «մեծ մարդուն»` Նասրէտտին Հոճայի անունով շաբաթ մը հաստատած եւ տօնակատարութիւններու սկսած են ժողովրդական առակախօսին ծննդավայր նկատուած Աքշեհիրի մէջ: Այս առթիւ, կ՛ըսէ պոլսական թերթ մը, աքշեհիրցիները սրամտութիւններ կ՛ընեն եւ կ՛ըսեն, որ եթէ իրենց լիճին ջուրը մածունի վերածուի (հետեւողութեամբ Նասրէտտին Հոճայի մէկ առակին), այն ատեն Թուրքիա պիտի վճարէ իր արտաքին պարտքերը:

Այս տեղեկութեան հետ գրեթէ միաժամանակ  տեսանք «Հարթֆըրտ Թայմզ»-ի մէջ յօդուած մը, ուր կ՛ըսուի, թէ թուրքերը կը գանգատին, որովհետեւ` «Ուաշինկթըն շատ աւելի նուազ վեհանձն գտնուած է իրենց հանդէպ, քան թէ` Թիթոյի Եուկոսլաւիոյ…»: Այսինքն` քիչ դրամ կամ օգնութիւն ստացեր են` երեք միլիառ տոլար միայն…

«Հարթֆըրտ Թայմզ»-ի խմբագրութիւնը, որ այնքան լայն տեղ տուած է այդ գանգատին, տեղեա՞կ է արդեօք Նասրէտտին Հոճայի հայրենակիցներուն վերջին «սրամտութիւններուն»` իրենց հանրային պարտքը վճարելու մասին: Թերեւս տեղեակ չէ, սակայն գիտէ, թէ առանց այդ «սրամտութեան» ալ Թուրքիոյ Դանայեան Կարասի պարտքերուն վճարումը աշխարհի լաւագոյն կատակներէն մէկը եղած է միշտ:

Այս տօնակատարութեան առթիւ կը յիշուի Հոճային կեանքէն հետեւեալ անտիպ դրուագը:

Անգլիացի դիւանագէտ մը կ՛առաջարկէ Նասրէտտին Հոճային` ծրագիր մը ներկայացնել` Թուրքիոյ տնտեսութիւնը զօրացնելու համար:

Հոճան երկար մտածելէ ետք կ՛ըսէ.

– Լոքումի գործարան մը պէտք է բանանք, իսկ այդ գործին համար կէս միլիոն ոսկիի պէտք կայ:

Անգլիացին կը վճարէ գումարը` տարի մը վերջ գալով շահաբաժինը վերցնելու համար:  Տարի մը ետք Հոճան անգլիացիին կը ներկայացնէ հազար ոսկի զուտ շահ, սակայն կէս միլիոն ոսկի եւս կը պահանջէ «գործը ընդարձակելու համար»:

Քանի մը տարի շարունակ անգլիացին քանի մը հազար ոսկի կը ստանայ, եւ քանի մը հարիւր հազար կը վճարէ «գործը ընդարձակելու համար»: Օր մըն ալ նեղսրտած` կ՛ըսէ.

– Այս լոքումի անհամ գործը շատ ընդարձակուեցաւ, եւ չեմ գիտեր` ո՛ւր կրնայ հասնիլ դեռ: Ես կ՛երթամ, սակայն ամերիկացի բարեկամ մը ունիմ, անիկա պիտի ղրկեմ, որ իմ ձգածս շարունակէ:

Հոճան խնդալով` կը պատասխանէ.

– Լոքումի գործը շատ անուշ գործ մըն է, լորտս: Սակայն, ինչպէս ամէն բան, աս ալ ունի իր լեղի կողմը: Գըսմեթը այնպէս բերաւ, որ անուշ կողմը մեզի ինկաւ, լեղին` քեզի: Բարեւ խօսէ ամերիկացի բարեկամիդ, թող շուտ գայ, եթէ ոչ` Մոսկոֆ յաճախորդ մը կայ, որ ոչ միայն մեր լոքումը, մեզի ալ ուտելու պատրաստ է…

Եւ անգլիացին շունչը կ՛առնէ Ամերիկա:

Գործը կը շարունակուի, նոր բարեկամով եւ հին գըսմեթով…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

 

Share this Article
CATEGORIES