Ծայրայեղ Ուղղափառ Հրեաները Զրկուեցան Զինուորական Ծառայութենէն Ազատելու Կարելիութենէն
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան այն օրէնքը, ըստ որուն, ծայրայեղ ուղղափառ հրէութիւնը դաւանող իսրայէլացիները զինուորական ծառայութենէն ազատ կը կացուցուէին, ժամկէտին լրացման պատճառով կորսնցուցած է ուժը:
Տասնեակ հազարաւոր ծայրայեղ ուղղափառ իսրայէլացիներ կրնան զօրակոչի ենթարկուիլ, ինչ որ անոնց համայնքներուն ղեկավարները զայրացուցած է:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, որ բանակը իրաւունք ունի անյապաղ զօրակոչի ենթարկելու նշեալ իսրայէլացիները, միեւնոյն ժամանակ երկրի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք զինուորականներուն մէկ ամսուան ժամանակ տուած է` ծայրայեղ ուղղափառներու զօրակոչը նախապատրաստելու համար:
Նախապէս իսրայէլեան ընկերութեան վերոնշեալ հատուածին զինուորական ծառայութենէն ազատ կացուցուիլը մեծ վրդովում յառաջացուցած էր Իսրայէլի աշխարհիկ մեծամասնութեան մօտ, որովհետեւ բանակային ծառայութեան պատճառով իրենք ստիպուած կ՛ըլլան իրենց ուսումը կամ ասպարէզը յետաձգել:
Միւս կողմէ, «Միկնիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք յայտարարած է, որ զինուորներու աշխատավարձը պէտք է հասցնել նուազագոյնի:
Ան ընդգծած է, որ ատիկա պէտք է կատարուի աստիճանաբար` աւելցնելով, որ բանակին մէջ ծառայելու ժամանակաշրջանը եւս աստիճանաբար պիտի փոխուի: 2016-էն սկսեալ Իսրայէլի մէջ զինուորական ծառայութեան ժամկէտերը պիտի կրճատուին:

