«Եգիպտական Նոր Կառավարութիւնը Աշխատանք Պիտի Տանի Յեղափոխութեան Պահանջները Իրականացնելու» Կ՛ըսէ Քանտիլ

Հիշամ Քանտիլ

Եգիպտոսի վարչապետ Հիշամ Քանտիլ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «նախկին կառավարութեանց աշխատանքին վրայ պիտի հիմնուինք, եւ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հետ ամբողջական խորհրդակցութիւն գոյութիւն ունի»` նշելով, որ նախարարութեանց ընդհանուր թիւը 35 է, պետական նախարարներու թիւը` 8, իսկ նոր հաստատուած նախարարութիւններուն թիւը չորս է:

Եգիպտոսի վարչապետը ըսաւ, որ «ընտրեալ նախագահին եւ այս կառավարութեան շուրջ կը խմբուինք, իսկ կառավարութիւնը առանձինը պիտի չգործէ եւ առանձինը յաջողութիւն պիտի չարձանագրէ: Անիկա ժողովուրդին կառավարութիւնն է, ուստի բոլորը պէտք է նախագահին շուրջ համախմբուին եւ կառավարութեան հետ գործեն` մինչեւ նպատակներու իրագործումը»` աւելցնելով, որ «եգիպտական նոր կառավարութիւնը աշխատանք պիտի տանի յեղափոխութեան պահանջները իրականացնելու»: Նշենք, որ Եգիպտոսի Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի նախագահ Մարաջախտ Թանթաուի պահեց պաշտպանութեան նախարարի իր պաշտօնը: Իրենց պաշտօնին վրայ մնացին նաեւ արտաքին գործոց եւ ելեւմուտքի նախարարները:

Քանտիլ աւելցուց, որ «պէտք է իրագործենք ընկերային արդարութիւնը, ինչ որ կ՛իրագործուի աճի եւ լուրջ աշխատանքի միջոցով, ինչպէս նաեւ պէտք է յառաջիկայ հանգրուանին միասնաբար գործենք` լուսաւոր ապագայ մը կերտելու համար, ոչ թէ մեզի, այլ` մեր զաւակներուն եւ թոռներուն համար»:

Միւս կողմէ, սալաֆական Նուր կուսակցութեան բանբեր Մոհամետ Նուր յայտնեց, որ կուսակցութիւնը մտադիր է այսօր հրաւիրել մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Քանտիլի կառավարութեան վերաբերեալ իր կեցուածքը պիտի յայտարարէ:

Ան նշեց, որ սալաֆական կուսակցութիւնը Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւին` Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան ներկայացուցած է նախարարական շարք մը թեկնածուներ, որոնք նշեալ կուսակցութեան կողմէ անտեսուած են, ինչ որ սալաֆական կուսակցութեան անդամներուն մօտ խիստ դժգոհութիւն յառաջացուցած է: Կուսակցութեան կարգ մը անդամներ այդ վարմունքը մինչեւ իսկ անարգանք նկատած են:

Ան ընդգծեց, որ Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը Նուր կուսակցութեան իր տուած խոստումները չէ յարգած:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )