«Ժողովուրդին Կամքը Կարելի Չէ Բռնի Ուժի Ենթարկել» Շեշտեց Ապատի
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ապատի շեշտեց, որ Ֆրենժիէի հետ քննարկած է շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային զարգացումներն ու Իրանի եւ Լիբանանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ապատի յայտնեց, որ Ֆրենժիէի հետ իր հանդիպումը դրական մթնոլորտի մէջ ընթացած է եւ Ֆրենժիէն հրաւիրած է Երուսաղէմի միջազգային օրուան յատուկ տօնակատարութեան:
Սուրիոյ կացութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ապատի շեշտեց, որ ինք բազմիցս յայտարարած է, թէ ժողովուրդին կամքը կարելի չէ բռնի ուժի ենթարկել կամ օտարներուն ու արտաքին ուժերուն որոշումներուն ենթարկել:
«Սուրիացիները կը փափաքին իրենց երկրին մէջ բարեկարգումներ կատարել` նախագահ Պաշշար Ասատի ղեկավարութեամբ. այս կամքը կարելի չէ բռնի ուժի ենթարկել», ըսաւ Ապատի:

