Բանակի Հրամանատարը Կը Շարունակէ Շնորհաւորութիւններ Ընդունիլ Եւ Կը Հաստատէ Բանակին Կռուելու Բարձր Կարողութիւնը
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքէն, որ շնորհաւորեց հրամանատարը Բանակի տօնին առիթով եւ յաւելեալ գիտակցութիւն ու կարողութիւն մաղթեց բանակին, որպէսզի յատկապէս ներկայ պայմաններուն ընթացքին կարենայ դիմագրաւել Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները:
Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ բանակը պահպանէ իր միասնականութիւնը եւ շարունակէ մնալ այն ամուր բերդը, որուն կը բախին բոլոր մարտահրաւէրները, սակայն երբեք չեն կրնար ճեղքել զայն:
Բանակի հիմնադրութեան տօնին առիթով զօր. Քահուաժի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նասրէտտին Ղարիպէն:
Շէյխ Ղարիպ հաստատեց, որ բանակը միակ երաշխիքն է Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանման:
Իր կարգին, զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կռուելու բարձր կարողութեամբ օժտուած է` աւելցնելով, որ ան կը վայելէ մեծագոյն ուժը, որ լիբանանցի ժողովուրդին բացարձակ զօրակցութիւնն է:
Հրամանատարը ընդգծեց, որ բանակը հետզհետէ աւելի եւս կը զօրանայ իր հետեւած ներքին եւ արտաքին ռազմափորձերուն շնորհիւ:
Զօր. Քահուաժի նշեց, որ լիբանանեան բանակին զինումը բոլորին պատասխանատուութիւնն է` աւելցնելով, որ բանակին հրամանատարութիւնը մնայուն կերպով կը համադրէ իր գործունէութիւնը երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն հետ` պաշտպանութեան նախարարին միջոցով:
«Մենք կը գործադրենք Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը», շեշտեց ան:
Զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ լիբանանցի զինուորը սովորական անհատ մը չէ, այլ երկրին քարին եւ հողին կապուած անձ մըն է, որուն ճակատը բարձր է եւ հպարտօրէն կը պաշտպանէ իր երկրին սահմանները, ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
«Լիբանանեան բանակը մէկ ընտանիք է, եւ ես իբրեւ հրամանատար այդ ընտանիքին հայրն եմ եւ իբրեւ այդպիսին կ՛ուզեմ, որ իմ ընտանիքս հանգիստ պայմաններ ունենայ եւ իր պարտականութիւնները ամբողջական կերպով կատարէ», շեշտեց զօր. Քահուաժի: