Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան Պատուիրակները Մասնակցեցան Ուքրանիոյ Իշխող Կուսակցութեան Համագումարին
Ուքրանիոյ իշխող Շրջաններու կուսակցութեան անցեալ երկուշաբթի օր տեղի ունեցած համագումարին Հայաստանէն մասնակցեցան Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Տիգրան Ուրիխանեան եւ Ստեփան Մարգարեան:
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատուիրակները հանդիպում ունեցան Ուքրանիոյ խորհրդարանի եւ Շրջաններու կուսակցութեան գերագոյն խորհուրդի ղեկավարութեան հետ:
Ռուսիոյ իշխող Ետինայա Ռոսիա կուսակցութեան նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի եւ Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար Հու Ճինթաոյի ուղերձներուն կողքին, համագումարին փոխանցուեցաւ նաեւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի ուղերձը:
CATEGORIES Հայկական

