«ՍԹՐԻԹ ՊՈԼ»Ի ԺԱՄՀՈՒՐԻ ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ ԱՌԱՋԻՆ
Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին, տեղի ունեցաւ «Սթրիթ պոլ»ի մրցաշարք մը, ակումբին դաշտերուն մէջ` մասնակցութեամբ երեսուն վարժարաններու եւ ընկերութիւններու (22 տղոց եւ 8 աղջկանց խումբեր):
Աղջկանց մրցումներուն առաջին հանդիսացաւ Ճեմարան` իր ետին ձգելով մրցաշարքը հիւրընկալող ակումբը:
Այս «Սթրիթ պոլ»ին Ճեմարանը ներկայացուցին Կասիա Սամուէլեան, Մեղրի Թորոս, Մակի Զաքարեան եւ Սեզա Ոսկերիչեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:
CATEGORIES Մարզական