Եամմունէի Մէջ Ապահովութեան Ուժերը Կը Փճացնեն Հաշիշի Ցանքերը

Թմրեցուցիչի դէմ արշաւի գրասենեակը` գործակցութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին, երէկ Պաալպեքի Եամմունէ եւ Տար էլ Ուեսաա շրջաններուն մէջ փճացուց հաշիշի ցանքերը:

Ցանքերը փճացնելու ընթացքին ապահովութեան ուժերուն դէմ կրակ բացուեցաւ հաշիշը ցանող անհատներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ անոնց դէմ արձակուեցան «Պէ. 7» տիպի հրթիռներ, որոնք վիրաւորեցին 2 զինուորներ:

Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը թեթեւ եւ միջակ գնդացիրներով յարձակումի ենթարկուած են զինեալներու կողմէ, ինչ որ զիրենք մղած է կրակոցներուն հակադարձելու եւ շրջանին մէջ ապահովական խիստ միջոցառումներու դիմելու` հալածելու համար փախուստ տուող զինեալները:

Հաղորդագրութիւնը նշեց սակայն, որ ապահովութեան ուժերուն աշխատանքը շարունակուեցաւ` վերջ տալու համար թմրեցուցիչ այդ բոյսին գոյութեան:

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ նաեւ, որ անծանօթ զինեալներ «Շերոքքի» տիպի գինեգոյն ինքնաշարժով մը անցած են Պաալպեքի ոստիկանատան առջեւէն, կրակ բացած հոն գտնուող ոստիկաններուն դէմ եւ վիրաւորած անոնցմէ երկուքը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )