Փութին Եւ Սարգսեան Պիտի Քննարկեն Եւրասիական Համարկումի Հոլովոյթները

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 8 օգոստոսին Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որ Ռուսիա պիտի մեկնի աշխատանքային այցելութեամբ:

Ինչպէս հաղորդած էինք, Հայաստանի նախագահին մամլոյ գրասենեակը նոյնպէս նախապէս տեղեկացուցած էր նախատեսուող հանդիպման մասին` նշելով, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան այդ առնչութեամբ պիտի ընդհատէ իր արձակուրդը:

Քրեմլինի հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպման օրակարգին վրայ կը գտնուին երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող հարցեր, կը նախատեսուի քննարկել նաեւ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի համագործակցութիւնը եւրասիական համարկման հոլովոյթներուն շրջագիծին մէջ, մասնաւորաբար` համագործակցութիւնը ԱՊՀ-ի եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան շրջագիծերուն մէջ:

Օրակարգին վրայ կը գտնուին նաեւ միջազգային եւ շրջանային հարցերը, որոնց շարքին` ղարաբաղեան խնդիրը:

Ասիկա Փութին-Սարգսեան առաջին երկկողմանի հանդիպումն է Փութինի Քրեմլին վերադառնալէն ետք:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )