Ակնարկ. Քրտական Վտանգը` Թրքական Եւ Ռուսական Գօտիներուն Միջեւ

Ներսուրիական պատերազմի առնչութեամբ թրքական շարժումներուն տեսանելի բաժինները կ՛ամփոփուին հիմնական քանի մը ուղղութեան վրայ:

Նախ անշուշտ` հակաիշխանական զօրքերուն տրամադրուած զինուժն ու տնտեսուժը ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով: Պարզ է, որ ամերիկեան այսուհետեւ «արտօնուած» եւ նուիրականացած ռազմական օժանդակութիւնը թրքական տարածքներէ եւ կայաններէ է, որ կ՛անցնի` հասնելու համար Սուրիոյ հակաիշխանական ուժերուն: Եթէ այս օժանդակութիւնը որոշ քողարկումներով կը կատարուի կամ կիսաբացայայտ ձեւով կը կատարուի, ապա թրքական աղբիւրներ իրե՛նք կը յայտարարեն տեղւոյն թիւրքմենները զինելու եւ ընդհանուր շարժումին զօրակցելու աշխատանքներուն մասին:

Զինական եւ ֆինանսական հոսքը Թուրքիայէն Սուրիա կ՛ընդգծէ Անգարայի շահագրգռուածութիւնը սուրիական իրադարձութիւններուն: Այստեղ հարկ չկայ կեդրոնանալու յայտարարողական մակարդակի վրայ կատարուող թատերականացումներուն: Նախ մերձեցում, ժողովուրդներու եղբայրացման մասին պաշտօնական ելոյթներ, զերօ խնդիրներու արտաքին քաղաքականութեան վարքագիծի շեփորում, բազմաոլորտ համաձայնագիրներու կնքում եւ մուտքի արտօնագիրներու ջնջում եւ ապա հազիւ դէպքերը սկսած կեցուածքներու հարիւր ութսուն աստիճան տրամագծային փոփոխութիւն, ցեղապաշտական եւ արիւնարբու վարչակարգի բնութագրումներ, թրքական խորհուրդները անտեսած ըլլալու յիշեցումներ, սպառնալիքներ եւ մասամբ նորին:

Սուրիոյ թիւրքմենները զինելու բացայայտ դիրքորոշումը ուղղակի հակակշիռ քայլ է եւ կը կապուի քրտական գործօնին նկատմամբ Անգարայի ունեցած գլխաւոր մտավախութեան: Անվտանգութեան գօտիի ստեղծումը, Սուրիա-Թուրքիա սահմանային շրջաններուն երկայնքին թրքական զօրքերու կուտակումներն ու ցուցադրական զօրավարժութիւնները եւս սերտօրէն կապուած են Թուրքիոյ թիւ մէկ խնդիրին` քրտական թղթածրարին հետ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին փութալը հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջան եւ տեսակցութիւնը նախագահ Պարզանիի հետ գլխաւոր այդ մտավախութենէն կը մեկնի: Մինչ, միջազգային մամուլի էջերուն տարբեր դիտանկիւններէ կը վերլուծուի «քրտական գարուն»-ի գալուստը, որ ի տարբերութիւն արաբական գարնանային եղանակներուն իշխանափոխութիւններէ աւելի նոր Քիւրտիստանի սահմանագծումին կը վերաբերի: Իսկ նոր Քիւրտիստանը ամէնէն շատ կը մտահոգէ ապահովական գօտիներու ձեւաւորման ձեռնարկած Անգարայի վարիչները:

Նայինք համապատկերին: Թրքական տարածքներէ Սուրիա կը թափանցեն ամերիկեան ծառայութիւնները իրենց ռազմարհեստագիտական սարքերով: Սուրիոյ ծովափը կը տողանցէ ռուսական նաւատորմը, որ յաջորդաբար կը համալրուի նոր ուժերով: Ծովեզերեայ Սուրիոյ նկատմամբ կիրարկուող ռուսական այս հոգատարութիւնն ու պաշտպանուածութիւնը թրքական գօտիին դիմաց  ռուսական գօտի կ՛ենթադրէ:

Ռուս-ամերիկեան անուղղակի ընդհարումները կը նախանշեն գօտիներու ձեւաւորման հետեւելիք նոր սահմաններ: Նոր սահմանագծումներ առաջադրող աշխարհաքաղաքական այս վարքագիծը ներկայ Սուրիոյ սահմաններուն վերագծման չի վերաբերիր միայն: Շրջանային մակարդակ ու տարողութիւն ունի անիկա եւ յառաջիկայ հանգրուանին կրնայ ներառել Թուրքիան: Ճիշդ այստեղ է, որ կը բազմապատկուի քրտական գործօնին նշանակութիւնը: Հիւսիսային Իրաքի ինքնավար տարածքը մէկ մասնիկն է քիւրտերու առաջադրած տարածքներուն: Սուրիական տարածքէն աւելի ներկայ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ ապրող քիւրտերու ինքնորոշման վտանգն է, որ սարսափի մատնած է անվտանգութեան գօտիներ որոնող Անգարան: Սուրիական դէպքերէն պաշտպանուելէ առաջ համաքրտական միաւորումի գործընթացները խոչընդոտելու կը միտին այդ գօտիներու ստեղծման փորձերը, զօրքերու կուտակումները, զօրավարժութիւններու ցուցադրութիւնները:

Անվտանգութեան գօտի ստեղծել կ՛ուզէ վտանգուածը: Իրօք, Թուրքիան վտանգուած է: Կը թուի, թէ մօտ է գարունը: Քրտական գարունը:

 «Ա.»

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )