Ֆութպոլ. Այաքս Եւ Քուպան Համաձայնած Են Օզպիլիսի Փոխանցումի Հարցով
Ֆութպոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականի միջնապահ, Ամսթերտամի Այաքս ակումբին մաս կազմող Արազ Օզպիլիսով հետաքրքրուած է Կրասնոտարի Քուպան ակումբը, որ ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններուն, չորս տարուան պայմանագրութիւն առաջարկած է 22-ամեայ մարզիկին: Ակումբները արդէն գոյացուցած են համաձայնութիւն, եւ եթէ Օզպիլիս ընդունի տեղափոխուիլ, Այաքս պիտի ստանայ 2 միլիոն եւրօ:
Անցեալ տարի Օզպիլիս Այաքսի հետ 14 մրցում կատարեց եւ դարձաւ 2 կոլի հեղինակ:
Արազ Օզպիլիս յայտարարեց, որ եթէ հիմնական կազմին մաս պիտի կազմէ եւ առաւելագոյն թիւով մրցումներ պիտի խաղայ, կ՛ուզէ միանալ Քուպանի:
CATEGORIES Մարզական