Ճատրակ. Ս. Մովսիսեան` Յառաջատար

Զուիցերիոյ Պիլ քաղաքին մէջ ընթացող ճատրակի բաց մրցաշարքի 10-րդ հանգրուանին Սերկէյ Մովսիսեան յաղթեց իսրայէլացի Վիթալի Կոլոտին, իսկ Հրանդ Միրզոյեան հաւասարութիւն արձանագրեց գերմանացի Գ. Մայիրի հետ: Ս. Մովսիսեան այժմ ունի 7.5 կէտ եւ ֆրանսացի Ռ. Էտուարտի հետ կը գլխաւորէ մրցաշարքին աղիւսակը: 11-րդ հանգրուանին Ս. Մովսիսեան սեւերով կը խաղայ միւս յառաջատարին` Ռ. Էտուարտի հետ:

Share this Article
CATEGORIES