Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ՆԱԽՕՐԷԻՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆԻՒԹԱԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ` ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

ՔԱՀԼ-ի Հայ ծերանոցին մէջ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան այցելեց ՔԱՀԼ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ յանձնելու համար նիւթական նուէր Ս. Յարութեան տօնին առիթով: Դեսպանին կ՛ընկերակցէր դեսպանութեան խորհրդական Կարէն Մաթեւոսեան: Հիւրընկալութեան արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, վեր. Ռոպեր Սարգիսեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութիւնը, խնամակալութիւնը, պատասխանատու բժիշկը, անձնակազմն ու պատսպարեալները:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց հաստատութեան տնօրէն Գէորգ Գարապոյաճեան, որ ընդգծեց նախագահ Սարգսեանի տրամադրած օժանդակութեան բարոյական բաժինը: Դեսպան Քոչարեան, բարձր գնահատելով այս ազգային հաստատութեան գործունէութիւնը, իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց նման կազմակերպուածութեամբ հայկական հաստատութեան մը երեւոյթին դիմաց: Գեղամ արք. Խաչերեան, իր կարգին, ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ հաստատութիւնը կ՛արժանանայ Հայաստանի նախագահին ուշադրութեան, որ իր քաջալերանքը կը յայտնէ նման քայլով մը: Պատասխանատու բժիշկ Յարութ Զատիկեան կարեւոր նկատեց Հայաստանի պետութենէն սփիւռքեան կառոյցներուն օժանդակութիւն տրամադրելու եւ այդ ճամբով քաջալեր հանդիսանալու բացառիկ երեւոյթը:

Ապա, ջերմ մթնոլորտի մէջ պատսպարեալները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին ինքնաբուխ խօսքերով եւ երգերով:

Հալէպի Համազգային հայագիտական հիմնարկին մէջ

Երկուշաբթի, 11 ապրիլին, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Աշոտ Մանուկեան եւ հիւպատոսութեան խորհրդական Հրազդան Թոքմաճեան, նոյն նպատակով յաջորդաբար այցելեցին Համազգայինի Հալէպի հայագիտական հիմնարկ եւ Հայ ծերանոց:

 

Յարգելի հիւրերը հանդիպում մը ունեցան Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հռիփ Կանանեանի, Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի յանձնախումբի տնօրէն օրդ. Ֆիմի Տէր Յակոբեանի հետ: Տնօրէնը մանրամասն կերպով ներկայացուց հիմնարկը` հիմնադրութիւնը, ծրագիրը, նպատակը, դասախօսական կազմը: Գլխաւոր Հիւպատոս Մանուկեան գոհունակութեամբ տեղեկանելէ ետք իր կարգին ուրախութեամբ յայտնեց, որ Հայաստանի  նախագահ Սերժ Սարգսեան` գնահատելով Համազգայինի Հալէպի հայագիտական հիմնարկի սփիւռքի մէջ հայագիտութեան յառաջդիմութեան համար մատուցած ծառայութիւնները, նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ հաստատութեան: Հիմնարկի պատասխանատուները մեծ ուրախութեամբ ու յուզումով ընդունեցին Հայաստանի նախագահին խոր արժէք ներկայացնող նուէրը եւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին:

Հալէպի Հայ ծերանոցին մէջ

Ապա գլխաւոր հիւպատոսն ու խորհրդականը անմիջապէս այցելեցին Հայ ծերանոց, ուր դիմաւորուեցան Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, խնամակալութեան ատենապետ բժիշկ Զաւէն Բախտիկեանի, հոգեւոր հովիւ Շնորհք քհնյ. Տէր Արթինեանի, տնօրէն բժիշկ Խաչիկ Ստեփանեանի կողմէ: Անոնք միասնաբար շրջեցան Ծերանոցի նորակառոյց մասերը: Սրբազան հայրը յանուն հայ երեք համայնքապետերուն ու Հայ ծերանոցի ընտանիքին, ողջունեց յարգելի հիւրերուն մասնայատուկ այցելութիւնը: Գլխաւոր հիւպատոս Մանուկեան գոհունակութեամբ եւ ուրախութեամբ յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, գնահատելով Հայ ծերանոցի օրինակելի գործունէութիւնը, Ս. Յարութեան (Զատիկի) տօնին առիթով նիւթական պարգեւ կը տրամադրէ հաստատութեան` իբրեւ աջակցութիւն ու քաջալերանք: Հայ Ծերանոցի պատասխանատուները անհուն բերկրանքով ու յուզումով ընդունեցին նախագահի զատկական նուէրը եւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES