Ամերիկեան «Այզընհաուըր» Օդանաւակիրը Մուտք Գործեց Արաբական Ծոց
Միացեալ Նահանգներու ծովուժի տեղեկատուական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան «Այզընհաուըր» հիւլէական օդանաւակիրը` մարտական պահպանութեան նաւերու ընկերակցութեամբ, մուտք գործած է Արաբական ծոց, ուր արդէն իսկ տեղակայուած է ամերիկեան այլ օդանաւակիր հարուածային խումբ մը:
Նշեալ հարուածային խումբը` «Էնթըրփրայզ» հիւլէական օդանաւակիրին գլխաւորութեամբ, կը գտնուի Հորմուզի նեղուցին արեւելքը. «Անխորտակելի ազատութիւն» գործողութեան ծիրին մէջ մարտական հերթապահութիւն կը կատարէ` աջակցելով Աֆղանիստանի մէջ ՕԹԱՆ-ի ուժերուն:
Արաբական ծոց նոր ժամանած «Այզընհաուըր» տորմիղին մէջ են հրթիռային յածանաւ մը, երեք ականակիր նաւեր, ինչպէս նաեւ` հարուածային սուզանաւ մը:
«Այզընհաուըր»-ի մարտանաւային խումբին տրամադրութեան տակ են 60-էն աւելի օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ, որոնց շարքին` 48 «Էֆ/Էյ Սուփեր Հոռնեթ» կործանիչներ: Համալրուած է նաեւ հարիւրէ աւելի «Թոմահոք» թեւաւոր հրթիռներով` 1600 քիլոմեթր հասողութեամբ:
Փենթակոնի յայտարարութեան համաձայն, յառաջիկային Արաբական ծոցի շրջան պիտի ուղարկուի նաեւ «Ճոն Սթենիս» հիւլէական օդանաւակիրը` փոխարինելու համար «Էնթըրփրայզ»-ը: