Օպամա – Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Նկարին Շուրջ Թրքական Աղմուկը Չի Հանդարտիր
Սպիտակ տունը ստիպուած եղած է պաշտօնապէս յայտարարելու, որ վերջերս հրապարակուած այն լուսանկարը, ուր նախագահ Պարաք Օպամա Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնով կը զրուցէ` ձեռքին պէյսպոլի գաւազանով, կը խորհրդանշէ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու սերտ յարաբերութիւնները:
Սպիտակ տունը ստիպուած եղած է դարձեալ յատուկ պարզաբանումներ տալ լուսանկարին առնչութեամբ, որովհետեւ ատոր հրապարակումէն ետք թրքական մամուլին մէջ լուրջ իրարանցում ստեղծուած էր` տարբեր մեկնաբանութիւններու պատճառ դառնալով:
Այդ առնչութեամբ Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարը արդէն իսկ յայտարարած էր, որ Օպամա պէյսպոլի մեծ սիրահար է եւ Շիքակօ «Ուայթ Սոքս» խումբին համակիր, սակայն քննարկումները այսքանով չէին հանդարտած:
Ըստ Սպիտակ տան ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբեր Քէյթլին Հայտընի, իրենք այդ լուսանկարը հրապարակած են` ընդգծելու համար Էրտողանի նկատմամբ Օպամայի շարունակական բարի դրացիական վերաբերմունքը:
Իսկ նախապէս մամուլը նկարին հակազդած եւ մեկնաբանած էր, թէ պէյսպոլի գաւազանը կը խորհրդանշէ Սպիտակ տան վարած արտաքին քաղաքականութիւնը, մանաւանդ որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին երկու կողմերը քննարկած են սուրիական հարցը: