Սէուտական Արաբիա Ահմատինեժատը Մեքքա Հրաւիրած Է

Մահմուտ Ահմատինեժատ

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատը հրաւիրած են Մեքքա` մասնակցելու համար իսլամութեան սրբազան քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք իսլամական վեհաժողովին:

Կ՛ակնկալուի, որ վեհաժողովին հիմնական նիւթը ըլլայ իսլամական տարբեր երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններու լուծումը: Մասնակիցներու ամբողջական կազմը տակաւին չէ հրապարակուած:

Վեհաժողովին մասնակցելու հրաւէր ստացած են Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ 57 երկիրները:

Կ՛ենթադրուի, որ քննարկման հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը:

Share this Article
CATEGORIES