Հարիրի Հանդիպում Կ՛ունենայ Քաթարի Վարչապետին Հետ
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Տոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանիի հետ:
Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանի Հարիրիի ի պատիւ իֆթար մը սարքեց, որմէ ետք դռնփակ հանդիպումի մը ընթացքին անոնք քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հարիրիի ընկերակցեցան նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրի, Նատեր Հարիրի եւ Հանի Համմուտ:
CATEGORIES Լիբանանեան