Պըրրի Ընդունեց Սարակներուն Մէկ Պատուիրակութիւնը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն մէկ պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Ամալ շարժումի աշխատաւորական հարցերու պատասխանատու Ալի Ապտալլայի եւ հանրային փոխադրութեան ինքնաշարժներու վարորդներու սենտիքայի նախագահ Պասսամ Թլայսի:
Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով արտասանուած խօսքին մէջ սարակները շնորհակալութիւն յայտնեցին խորհրդարանի նախագահին, որ սկիզբէն ի վեր զօրակցեցաւ զիրենք իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու օրէնքին:
Սարակները ընդգծեցին, որ երկրին բոլոր հարցերուն պարագային Պըրրի մնայուն կերպով կը ստանձնէ կացութեան եւ հաստատութիւններուն հսկող հօր դերակատարութիւնը:
Նշենք, որ Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան ժողովրդային համագումարի նախագահ Քամալ Շաթիլա, որ Պըրրին շնորհաւորեց երկրին ազգային հարցերը լուծելու անոր կարողութեան համար: Ան շեշտեց, որ իսլամական աշխարհին դէմ նիւթուած են այնպիսի դաւադրութիւններ, որոնք կ՛ենթադրեն պահպանել իսլամական միասնականութիւնը եւ ամրապնդել իսլամական խորհրդաժողովը:
Շաթիլա նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ ընդգծած է ամբողջ Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածելու եւ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը մշակելու կարելիութիւնը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան տնօրէն խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Հութ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին կապուած հարցեր:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ առողջապահութեան հարցերու նախարար Ալի Հասան Խալիլ:


