ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
Այսուհետեւ այս սիւնակով պիտի ներկայացնենք լիբանանեան եւ արաբական մամուլին կողմէ հրատարակուած նիւթերէ նշումներ, որոնք ուղղակի եւ անուղղակի կապ ունին հայութեան հետ:
«ՆԱՀԱՐ»
– Անդրադարձ Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին առիթով Համազգայինի «Գասպար Իփեկեան» թատերախումբի ներկայացուցած «Ճամբուն վրայ» թատրոնին, որ հայրենի բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի բեմադրութեամբ նախանցեալ երեկոյեան առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ:
«ՏԻԱՐ»
– Անդրադարձ Հիւսիսային Լիբանանի մէջ օտար պետութիւններուն կողմէ գործադրուած բարգաւաճման ծրագիրներուն, որոնց շարքին յիշուած են նաեւ թրքական պետութեան մատուցած օժանդակութիւնները Աքքարի Քուեշրա եւ Այտամուն գիւղերուն:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»
– Թրքական օդանաւային ընկերութիւնը դէպի Էրպիլ իր առաջին ուղղակի թռիչքը կատարեց:
«ՍԱՖԻՐ»
– Վերլուծական յօդուած մը, որ կ՛անդրադառնայ Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան եւ գործադրած քաղաքականութեան, որ շրջանին մէջ հետզհետէ զարգացում կ՛արձանագրէ:
«ՍԱՏԱ ՊԱԼԱՏ»
– Օրաթերթը կ՛անդրադառնայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Թուրքիոյ ուղղուած այն քննադատութեան, թէ վերջինս կը մերժէ վաւերացնել Հայաստան-Թուրքիա ստորագրուած արձանագրութիւնները (Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Հայաթ» եւ «Ժումհուրիա» օրաթերթերը):
«ՊԱՅՐԱՔ»
– Անդրադարձ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու սենտիքայի գանձապահ Նազարէթ Սապունճեանի կատարած այն զգուշացումներուն, թէ երկրին մէջ տիրող ներկայ անիշխանութիւնը պատճառ պիտի դառնայ Լիբանանի տնտեսական կացութեան վատթարացման, յատկապէս` ճարտարարուեստի մարզին պարագային (Նոյն լուրին անդրադարձած է նաեւ «Ժումհուրիա» օրաթերթը):
«ԱԽՊԱՐ»
– Ակնարկ ճարտարարուեստի գործավար նախարար Աբրահամ Տէտէեանի կողմէ հարաւային Լիբանան կատարած աշխատանքային այցելութեան, հարաւի մէջ յուլիսեան պատերազմէն տուժած գործարաններուն նոր սարքերու յանձնումին, ինչպէս նաեւ կարգ մը այլ հաստատութիւններու նիւթական հատուցումներ կատարելու անհրաժեշտութեան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ»
– Անդրադարձ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի Պալամանտի համալսարան կատարած այցելութեան եւ կրթական մարզին մէջ Լիբանան-Թուրքիա գործակցութեան հեռանկարներուն քննարկումին:
«ԱՆՈՒԱՐ»
– Անդրադարձած է անցեալ ամսուան ընթացքին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցած գեղանկարիչ Միսաք Թերզեանի ցուցահանդէսին` նշելով, որ անոր գործերուն ընդմէջէն կը շողայ կեանքն ու կենսուրախ մթնոլորտը, որոնց ներշնչումը կը կազմեն մոխրացած յուշերը:
– Հայաստան կը պատրաստուի դիմաւորելու Ս. Զատկուան տօնը` երկրին համար ապահովելով բաւարար քանակութեամբ հաւկիթ: Հայաստանի պետութիւնը արդէն իսկ կասեցուցած է հաւկիթի արտածումը եւ պիտի ներածէ երեքուկէս միլիոն հաւկիթ: Նշենք, որ Հայաստանի մէջ Նոր տարուան ընթացքին հաւկիթի լուրջ տագնապ արձանագրուած էր (Նոյն լուրին անդրադարձած է նաեւ «Ժումհուրիա» օրաթերթը):